Հայոց լեզու, դու մեր անկողոպտելի գանձը եղար, մեր անընկճելի հայրենիքը:
Մեր ժողովուրդը կորցրեց գահ եւ թագ, զօրք եւ իշխանութիւն, աւեր եղան եւ աւար մեր բերդերն ու քաղաքները, աւար եղան մեր ինչքն ու գոյքը,
բայց դու մնացիր միայն կանգուն, մնացիր յաղթական:
Ցնցոտի հագաւ մեր ժողովուրդը, բայց դու ծիրանով ծածկեցիր նրա հոգին, թշնամին ջախջախեց նրա սրունքը, դու թեւեր տուիր նրան` ժողովրդի:
Աւետիք Իսահակեան
Դարերու ընթացքին, երբ հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր պետականութիւնը իր հայրենի հողին վրայ, երբ ստիպուեցաւ գաղթականի ցուպը ձեռքին գաղթել օտար երկիրներ, հայոց լեզուն էր այն հրաշքը, որ հայուն տուաւ իր վահանը պաշտպանուելու համար ձուլումէ եւ օտար մշակոյթներու ազդեցութենէն: Միայն ան էր մշակոյթի կողքին, որ հայուն տուաւ այն թռիչքը եւ լեզուամտածողութիւնը, որ հայ մարդուն տուաւ առաւելութիւն մը: Հայ Առաքելական եկեղեցին, պետականութեան բացակայութեան, դարձաւ հայոց լեզուի եւ մշակոյթի պահապանը: Այս է պատճառը, որ հայը ուր որ գնաց իր հայրենիքէն հեռու, հոն հիմնեց եկեղեցի եւ դպրոց: Այս երկուքը դարձան երկուորեակներ: Ուր որ ծաղկեցաւ հայ դպրոցը, հոն նաեւ ծաղկեցաւ հայոց լեզուն եւ հայ մարդը մնաց իր արմատներուն մօտ: Այդ լեզուին մէջ փնտռեց կարօտը իր հայրենիքին: Երբ հայ մանուկը սորվեցաւ լեզուն, ան հայկական մշակոյթի շարունակութեան երաշխաւոր դարձաւ: Հայ եկեղեցականներուն ալ մեծ դեր վերապահուած էր սերունդներու հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան մէջ:
20-րդ դարու սկիզբը, երբ տեղի ունեցաւ հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայ գաղթականներ հասան Միջին Արեւելք, հոն յայտնի դարձաւ եկեղեցիին եւ հայրենակցական միութիւններու համերաշխ աշխատանքին արդիւնքը: Հայրենակցական միութիւններ հիմնեցին եկեղեցի, դպրոց եւ գաղթական հայը շինեց իր բնակարանը եկեղեցիին եւ դպրոցին մօտ: Պուրճ Համուտի մէջ Նոր Մարաշ թաղամասը իր Սբ. Քառասնից Մանկանց եկեղեցիով ու Պէյրութի մէջ Նոր Հաճըն թաղամասը իր Սբ.Գէորգ եկեղեցիով ամենալաւ օրինակներն են: Ուրեմն, հայրենակցական միութիւնը դարձաւ ձեւով մը ընկերային ապահովութեան ցանցը: Այն աշակերտը, որ դժուարութիւն ունէր վճարելու իր կրթաթոշակը եւ որոշ չափով յառաջադէմ էր, յաճախած վարժարանը կը հարցնէին, թէ որ քաղաքէն է ինք եւ կը դիմէին այդ հայրենակցական միութեան: Այդ օրերուն, առաջին եւ երկրորդ սերունդի հայրենակցական միութիւններու վարչականներ իսկապէս համեստ եւ ժուժկալ մարդիկ էին: Եթէ իրենք չէին կրնար, անպայման կը գտնէին ուրիշ անձ մը որ օգնէր այդ ուսանողին: Այս էր պատճառը որ դպրոցները բարգաւաճեցան, որովհետեւ հաւատացեալ եւ ժուժկալ մարդիկ էին հայրենակցական միութիւններու վարչականները ու վարժարաններու տնօրէններն ալ իւրայատուկ եւ բարեհամբոյր մարդիկ էին:: Այս օգնութեան ձեւը տեւեց մինչեւ 20-րդ դարու վերջաւորութիւնը, որովհետեւ Արեւելքի համայնքները այդ երկիրներու անկայուն վիճակին պատճառով յարատեւ արտահոսքի մէջ էին: Արեւելքը բաւական պարպուեցաւ իր բարեկեցիկ տարրերէն: Մնացին միջին դասակարգի հայեր եւ քիչ թիւով բարեկեցիկ մարդիկ, բան մը որ բաւարար չէր օգնելու համար հայ համայնքի կարիքներուն: Հայաստանի անկախացումն ալ իր դերը ունեցաւ այս ժխտական հոլովոյթին մէջ: Հ.Բ.Ը.Մ.ի նման մեծ միութիւն մը սկսաւ Հայաստանի պիւտճէն աւելցնել եւ նուազեցնել Սփիւռքի իր պիւտճէն: Արդիւնքը շատ մը միութեան հովանաւորութիւնը վայելող վարժարաններու փակումն էր: Ուրիշ մտածելակերպ մըն ալ քանդեց հայկական վարժարանը: Այդ մէկը Արեւմուտքէն փոխ առնուած պաղարիւն գործնականութեան (pragmatism) փիլիսոփայութիւնն էր: Այն վարժարանը որ բաց ունէր պէտք է փակուէր: Ցաւալի եւ անմարդկային վերաբերմունք մը հայ դպրոցին հանդէպ: Մարդիկ գլուխ ցաւցնելու տրամադրութիւն չունէին: Ամերիկեան գործնականութեան նողկալի վերաբերմունք մը, որ տակաւին աւերներ կը գործէ Սփիւռքի մէջ: Վերջերս Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Կլէնտէյլի վարժարանին փակումը ցաւալի որոշում մըն էր: Արդէն յայտնի դարձաւ որ այն ընկերային ապահովութեան ցանցը, որ հիմնուած էր մեր պայծառ նախահայրերուն կողմէ եւ որու հիմը քրիստոնէական հաւատքն էր եւ այդ ազնիւ մարդոց յարգանքը հայ գիր ու դպրութեան հանդէպ արդէն կորսուած էր, իր շատ վտանգաւոր հետեւանքներով: Համաշխարհայնացում կոչուած շարժումին նպատակն էր Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ դաստիարակել անդէմ, համ ու հոտ չունեցող Աշխարհի քաղաքացի մարդիկ, առանց ազգային պատկանելիութեան: Քաղաքացիներ, որոնց համար հայոց լեզուն անհրաժեշտ չէ: Հոս պէտք է փնտռել այն թափանցիկ ձեռքը, որ տուաւ խրատը թոյլ ձեւով վերաբերելու հայկական մշակոյթի կորիզ հանդիսացող հայոց լեզուին հետ… Ազգային վարժարանն ալ կորսնցուց իր առաջուան փայլքը, որովհետեւ բազմակուսակցական եւ միութենական նեցուկը չէր վայելեր այլեւս, շնորհիւ հատուածական եւ միակողմանի քաղաքականութեան մը, որ 1960-ականներէն սկսեալ ձեռք դրաւ ազգային վարժարանին վրայ ու հայ աշակերտի ծնողքին հետ վարուեցաւ օտարականի մը նման, եթէ անդամ չէր կուսակցութեան մը: Նշանակուեցան միջակութիւններ պաշտօններու վրայ իրենց կուսակցական պատկանելիութեան պատճառով: Բան մը որ տկարացուց ազգային վարժարանը: Ներկայ անմխիթար վիճակը այդ կը փաստէ:
Ապագան լաւ բան չի յուշեր: Մեծ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի խօսքը, թէ լեզուն թեւեր տուաւ հայուն, որքան իրական է: Այո դժբախտաբար ամէն օր ականատես կը դառնանք, թէ հայը ինչպէս իր իսկ թեւերը կը կտրէ, կտրելով իրեն լեզու սորվեցնող դպրոցին բազկերակը: Թուլութեան եւ անկարութեան ահռելի կեցուածք մը կայ Սփիւռքի մէջ: Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը կը յայտարարէ, թէ արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզուներու շարքին կը դասուի այլեւս ու արդիւնքը կ’ըլլայ դժբախտաբար աւելի մեծ թիւով հայկական վարժարաններու փակում եւ ամպերու վրայ կառուցուած ու կազմուած վարչութիւններ արեւմտահայերէնի անկումը զսպելու համար: Գործնական ոչ մէկ քայլ…Միայն ճառեր ու մեծ մեծ խօսքեր:
Անցեալին, Արեւմուտքի մէջ բնակող մեծահարուստ ազգայիններ իրենց օժանդակութիւնը կը ղրկէին Արեւելքի մէջ գտնուող հայ վարժարանին, շատ լաւ գիտնալով, թէ Արեւելքն է աղբիւրը հայ դպրութեան ու մշակոյթին: Հոն է որ կը դաստիարակուին մեր ժողովուրդի մտաւորականները, ուսուցիչները, խմբագիրները եւ բոլոր մշակոյթի դպիրները: Այս կեցուածքը ներկայիս փոխուած է կարծես: Օգնութիւնը մեծ մասամբ դադրած է, բացառութեամբ որոշ անշահախնդիր, հայրենասէր հոյլի մը: Այս ընթացքով այնպէս կ’երեւի, թէ արեւմտահայերէն լեզուի շուրջ օղակը կամաց-կամաց կը սեղմուի: Մեզի թռիչք տուող լեզուն արժանի չէ այս թոյլ վերաբերմունքին: Արթննալու ժամը հասած է եւ ուշացումը մեզ պիտի տանի այն տեղը, ուր մեր յետնորդները մեզ պիտի այպանեն մեր թոյլ եւ անպատասխանատու վերաբերմունքին համար: Զարթի՛ր լաօ քանի դեռ ուշ չէ: Գործնական քայլերու ժամանակն է:
ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը