Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Վեհան Մելիտոնեան-Պետիրեանի Յիշատակին

1988 թուականին էր որ ճանչցայ Վեհանը, երբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Ալեք Մանուկեան երիտասարդական կեդրոնին մէջ մշակութային ձեռնակներ տեղի կ’ունենային առաջնորդութեամբ Վեհանի ամուսնոյն՝ պատմաբան Լեւոն Վարդանին: Փափաք յայտնեցի որ զիս ալ ընդունին մշակութային յանձնախումբին մէջ որպէս անդամ: Շուրջ տասնեակ մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ արդէն կը գործէին յանձնախումբին մէջ:

1992-ին, Լեւոն Վարդան գերզբաղած ըլլալով, հրաժարեցաւ յանձնախումբէն: Նոյնը ըրին նաեւ կարգ մը այլ անդամներ՝ Լիբանանէն գաղթելու կամ այլ պատճառներով: Մնացեալ չորս անդամներով կազմեցինք նոր յանձնախումբ մը, հետեւեալ կազմով. Վեհան Պետիրեան՝ ատենապետուհի , Աստղիկ Մենտիլեան՝ ատենադրպրուհի, խորհրդականներ՝ Լորիս Տոնապետեան եւ Զաւէն Ղարիպեան:

Վերոյիշեալ խումբը, մինչեւ Ալեք Մանուկեան կեդրոնին ծախուիլը 2008-ին, 16 տարի շարունակ առանց յոգնելու կազմակերպեց տարեկան 6-7 մշակութային ձեռնարկներ՝ պատմական, գրական հանդիպումներ, մեծարանքի երեկոներ, ընկերային հարցերու նուիրուած ասուլիսներ, ապրիլեան ոգեկոչում, բանաստեղծական յօրինումի մրցանք եւ այլն:

Պէտք է խոստովանիլ, որ այդ ձեռնարկները բաւական յաջողութիւն կ’արձանագրէին, մի քանի պատճառներով: Նախ՝ Ալեք Մանուկեան կեդրոնը, հակառակ նախապատերազմեան իր կարճատեւ աշխուժութեան, ունէր որոշ վարկ եւ համբաւ, իբրեւ մշակութային որակաւոր հանդիպումներու կեդրոնավայր: Երկրորդ, յանձնախումբի անդամները որոշ փորձառութիւն ունէին նմանօրինակ ձեռնարկներ կազմակերպելու: Յատկապէս նշանակալից էր Վեհանին բացառիկ հմտութիւնը հայոց լեզուի, պատմութեան, մշակոյթի եւ գրականութեան մէջ: Իր բացման խօսքերը, իրենց որակով, տարողութեամբ առանձինն յիշարժան ելոյթներ կ’ըլլային, մանաւանդ որ, ինք կը տիրապետէր ըսելիքը գեղարուեստականօրէն յղելու կարողութեան, մերթ՝ յուզումնալից, մերթ՝ կրքոտ, բայց միշտ որակաւոր հայերէնով ու անկեղծութեամբ:

Այսօր չկայ Ալեք Մանուկեան կեդրոնը եւ չկայ Վեհանը, եւ մենք կ’ափսոսանք երկու կորուստներուն համար: Այո՛, կ’ափսոսանք, որովհետեւ թէ՛ մէկը, թէ՛ միւսը փոխարինողներ չկան:

Սիրելի Վեհան յիշատակդ անթառամ մնայ:

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին