Երկուշաբթի, 02. 02. 2026

spot_img

Youtube-ը Հեռացուցած է Թուրքիոյ Քաղաքացի Հրեայ Գործարարի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ատելութեան Խօսք Ընդգրկող Տեսանիւթը

YouTube-ի վարչակազմը հեռացուցած է Թուրքիոյ քաղաքացի հրէայ գործարար Տողան Քասատոլուի տեսանիւթը, որ ատելութեան խօսք կ՝ընդգրկէր Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-էն։ 

Նշենք, որ անցեալ տարի Քասատոլուն թրքական Akit TV-ի «Կը բացուի օրը» ծրագիրի հաղորդավար Եուսուֆ Օզան Տէմիրի հարցին պատասխանելով՝ հետեւեալ կերպով արտայայտուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին․

«Հայոց Ցեղասպանութեան պնդումները դարի զրպարտութիւնն են եւ Թուրքիան այդ զրպարտանքին դէմ չի կրնար հարկ եղածին պէս պայքարիլ»։ 

Հեռուստաընկերութիւնը բողոքարկած է YouTube-ի որոշումը՝ նշելով, որ տեսանիւթի հեռացման որոշումը դէմ է Թուրքիոյ Հանրապետութեան Սահմանադրութեան, ՄԻԵԴ-ի դրոյթներուն, ինչպէս նաեւ օրէնքներուն եւ ընթացակարգերուն։ Հեռուստաընկերութիւնը պնդած է, որ տեսանիւթը ատելութեան խօսք չ՝ընդգրկեր։ 

Թրքական լրատուամիջոցը յիշեցուցած է, որ նախապէս YouTube-ի վարչակազմը՝ մասնաւորապէս իսլամ երկիրներու նկատմամբ ունեցած իր դիրքորոշման պատճառով՝ հեռացուցած էր քանի մը տեսանիւթ եւս։

Ինչ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ստայօդ տեսանիւթի հեռացման, լրատուամիջոցը կը պնդէ, որ ատիկա հայկական սփիւռքի գործն է, որ մէկ անգամ եւս ցոյց կու տայ, թէ որքան ազդեցիկ եւ ուժեղ է ԱՄՆ-ի մէջ։ 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին