Հինգշաբթի, 31. 07. 2025

spot_img

Տեսանկիւն. Մեր Վիճակը Այս Օրերուն

Մեր վիճակը այս օրերուն կը նմանի այն մարդուն, որ փողոցին մէջ ուշքը կորսնցուցած աղջիկ մը կը գտնէ ու զայն կը հասցնէ մօտակայ հիւանդանոց: Բժիշկը աղջիկը քննելէ ետք կ՛ըսէ. «Շնորհաւոր ըլլայ. տիկինը յղի է»… մինչ մեր մարդը կը բարկանայ, որ ինք չէ երեխային հայրը, աղջիկը լալով կը գոռայ. «Ո՛չ, դուն ես հայրը. Դո՛ւն ես: Մի ուրանար»:

Բժիշկը կը միջամտէ առաջարկելով յաւելեալ քննութիւններ: Ահագին կռիւէ, պոռչտուքներէ եւ տարրալուծարանային քննութիւններէ ետք բժիշկը կը հաստատէ, թէ մարդը չի կրնար երեխային հայրը ըլլալ քանզի ան ամուլ է եւ անկարող բեղմնաւորելու:

Մարդը հիւանդանոցէն դուրս կու գայ ուրախ, որ ինք անմեղ է: Միեւնոյն ժամանակ տխուր՝ որովհետեւ ամուլ է:

Ճամբան յանկարծ միտքը կ՛իյնայ, որ ինք ամուսնացած է եւ ունի զաւակներ, ու ինքզինքին հարց կու տայ, թէ անոնք ուրտեղէ՞ն եկած են…

… Յանկարծ կ՛արթննայ քունէն եւ կ՛ուրախանայ, որ այս ամբողջը երազ էր, որ տեսած էր…:

Անկողինէն ելլելով ջուր կը խմէ  վախը թեթեւցնելու համար: Ջուրը խմելէն ետք կ՛անդրադառնայ, որ ինք ծոմ պահած էր:

Ժամին կը նայի ու կը մտահոգուի, որ գործի երթալու ուշացած է:

Կ՛իջնէ տունէն ու թաքսի մը կը նստի: Գործատեղի կը հասնի ուր մարդ չի գտներ: Այնտեղ կը յիշէ, որ օրը Կիրակի է եւ իրենք այդ օրը կը փակեն հաստատութիւնը:

Արագ մը տուն կը վերադառնայ, որպէսզի լուացուի ու մզկիթ հասնի Ուրբաթ օրուայ աղօթքը կատարելու:

Կինը կ՛արթննայ ու կ՛ըսէ իրեն. «Այս ո՞ւր էիր եւ ո՞ւր կ՛երթաս Նիկողոս…»:

Այդ պահուն մեր մարդը կ՛անդրադառնայ, որ իր մտահոգութիւններով տարուած նոյնիսկ մոռցած է, թէ ինք Հայ քրիստոնեայ Նիկողոսն է…:

Ահաւասիկ այսպէս է մեր իրավիճակը այս օրերուն սիրելիներ:

Յիշեցէք, որ յետին նպատակով մը գրուած չեն այս տողերը: Յանկարծ չքաղաքականացնէք:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին