Երկուշաբթի, 02. 02. 2026

spot_img

Ռոհանի. Ռազմական Առումով Իրանը Բարելաւեց Իր Դիրքերը

Իրանը աշխարհի մէջ ռազմական հզօրութեան ցուցանիշով 22-րդ տեղէն բարձրացած է 14-րդ հորիզոնական: Այս մասին յայտարարած է երկրի նախագահ Հասան Ռոհանին՝ ելոյթ ունենալով 11-րդ գումարման խորհրդարանի բացման արարողութեան, կը գրէ ria.ru-ն։

«Ինչ կը վերաբերի ռազմական ոլորտին, ապա մենք աշխարհի մակարդակով կը զբաղեցնէինք 22-րդ տեղը, իսկ այժմ կը գտնուինք 14-րդ հորիզոնականի վրայ։ Վերջին տարիներու ընթացքին տարբեր ոլորտներու մէջ երկրի ռազմական ներուժի հսկայական փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են»,- ըսած է Ռոհանին։

Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ համաձայնագրի ստորագրումէն ետք Իրանը Արեւմուտքի երկիրներու կողմէ բազմիցս քննադատուած է պալիսթիք հրթիռներու փորձարկումներու պատճառով: Ի պատասխան երկիրը յայտարարած է, որ այդ կ’ընէ պաշտպանական եւ զսպման քաղաքականութեան շրջածիրէն ներս։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին