Լիբանանի Խորհրդարանը այսօր պիտի գումարէ օրէնսդրական ժողով: Օրակարգի վրայ կան կարեւոր կէտեր ինչպէս ներումի երկար քաշքշուած օրէնն ու դրամագլուխի վերահսկողութիւնը:
Նիստը, որ պիտի գլխաւորէ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի պիտի գումարուի առաւօտեան ժամը 11-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ պալատին մէջ:
Օրակարգը լեցուն է նաեւ այլ խնդրայարոյց կէտերով ինչպէս , փտածութեան, կողոպտուած գումարներու վերադարձնելու դրամատնային գաղտնապահութեան վերացումը կարգ մը անձնաւորութիւններու հաշիւներէն:






