Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Լիբանանեան Ժաաֆարի Մուֆթիյին Խօսքը Թաէֆի Անպիտանելիութեան Մասին Երկիրը Տարաւ Քաղաքական Լարուածութեան

Շաբաթավերջին զուգադիպած Ֆիթրի տօնը այնքան ալ խաղաղ չանցաւ քաղաքական գետնի վրայ: Արդարեւ շիաա համայնքը ներկայացնող կրօնական դէմք մը անակնկալ խօսքով մը հանդէս եկաւ, որուն մէջ ան գուժեց Թաէֆը եւ նոր սահմանադրութիւն մը ունենալու կոչ ըրաւ:

Ժաաֆարի Մուֆթի Ահմատ Քապալանի խնդրայարոյց յայտարարութիւնը, Լիբանանի քաղաքական եւ համայնքային կողմերու միջեւ բանավէճի ընթացք տուաւ աւելի եւս սրելով ներլիբանանեան պայթուցիկ կացութիւնը:

Լիբանանեան ուժերու ղեկավար Սամիր Ժաաժան յայտարարուածը անընդունելի նկատեց այն տեսանկիւնէն, որ Լիբանանի իսլամ-քրիստոնեայ հաւասարակշռութիւնը ստեղծած սահմանադրութեան մէջ ոեւէ խախտում, որ կը միտի համայնքային հաւասարակշռութիւնը խախտել ան պէտք է մատնուի ձախողութեան, որովհետեւ նշեալ սահմանադրութիւնն է, որ կ՛իմաստաւորէ Լիբանանի գոյութիւնը: Հակառակ պարագային Լիբանանի գոյութիւնը կրնայ վտանգուիլ:

Նոյնքան խիստ արձագանգեց Մուսթաքպալ պլոքը իր կարգին մերժեց սահմանադրութեան մէջ ոեւէ փոփոխութեան կոչ ընելու միտումներ: Պլոքը յայտարարութիւնը արկածախնդրութիւն համարեց, որ կրնայ Լիբանանի մէջ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութիւնը խաթարել:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին