Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Սուրբ Հոգին Ունենալու Անհրաժեշտութիւնը

Հոգեգալուստը Սուրբ Հոգիին օրն է: Մարդոց վերապրելու օրն է: Ի լոյս գիտութեան դարձի օրն է: Աստուծոյ կրակով լեցուելու օրն է:

Սոյն գրութեամբ պիտի փորձենք քանի մը հարցերու մասին անդրադառնալ հակիրճ պատասխաններ հայթայթելով:

Ի՞նչ կը նշանակէ Պենտեկոստէ:

Պենտեկոստէն հրէական տօն մըն է, որ զատիկէն եօթը շաբաթ ետք կը տօնուէր եւ կը նշանակէ յիսուն օր: Պենտեկոստէն նաեւ հունձքի տօնն է: Ժողովուրդը պէտք էր իր անդրանիկ հունձքէն Աստուծոյ նուիրէին եւ կամ աղքատներուն բաժին հանէին: Կարեւոր է գիտնալ, որ Պենտեկոստէի այս օրը Սուրբ Հոգին եկաւ եւ Պետրոս Առաքեալի քարոզութեամբ 3000 հոգի դարձի եկան եւ մկրտուեցան, այլ խօսքով Պենտեկոստէի օրը՝ եկեղեցւոյ օրն է, եկեղեցւոյ հիմնադրութեան օրն է:

Ինչպէ՞ս կարելի է Հոգեգալուստը բացատրել:

Բաբելոնեան աշտարակաշինութեամբ մարդիկ ապստամբութիւն կազմակերպեցին Աստուծոյ դէմ, ուզելով իրենց փրկութիւնը ապահովել: Սակայն, երբ Աստուած տեսաւ, որ մարդուն այս միտքը ծայրայեղ կորուստի եւ չարութեան կ’առաջնորդէ, զանոնք տարբեր ազգերու եւ լեզուներու բաժնեց: Սոյն բաժանումով սկսաւ մարդկային ցեղերու պատմութիւնը: Հետեւեալ պատմութենէն մեկնած. Պենտեկոստէի օրը Սուրբ Հոգիին էջքով, երբ առաքեալները տարբեր լեզուներով սկսան խօսիլ, ձեւով մը Բաբելոնեան աշտարակաշինութեան հակապատկերը տեղի ունեցաւ: Աշտարակաշինութիւնը եկեղեցաշինութեան վերափոխուեցաւ, որ ճշմարիտ վայրը դարձաւ մարդուս փրկութեան` պահպանելով բոլորին լեզուները, ինքնութիւնը եւ մշակոյթը, ըսելու համար, թէ Աստուծոյ համար բոլոր լեզուները հաճելի են եւ բոլորին աղօթքները` լսելի: Հոգեգալուստով, Աստուած միանգամընդմիշտ հաստատեց, որ ի՛նք է բոլոր ազգերուն Հայրը եւ Ստեղծիչը: Հոգեգալուստի օրը բոլորս Աստուծոյ հետ վերստին խօսելու եւ Անոր միանալու շնորհքը ունեցանք: Գերազանցօրէն Սուրբ Հոգիի տաճար ըլլալու շնորհքը տրուեցաւ բոլորիս անխտիր:

Սուրբ Հոգւոյ էջքը շատեր ընդունեցին եւ շատեր ծաղրեցին ըսելով. «Նոր գինիով գինովցած են» (Գրծ 2.12-13): Սակայն, Աւետարանը մեզի կ’ուսուցանէ, թէ Սուրբ Հոգիով նոր մարդ կը դառնանք, նորոգուած մարդ կը դառնանք, Աստուծոյ մարդը կը դառնանք: Անգամ մը, որ Սուրբ Հոգին ապրինք պիտի սկսինք հասկնալ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծմով ապրիլ:

Սուրբ Հոգին ինչպիսի՞ ներգործումներ ունի մարդկային կեանքէն ներս:

Սուրբ Հոգին զանազան ներգործում ունի, յիշենք անոնցմէ մէկ-երկուքը:

ա. Կրակով մաքրելու եւ սրբելու յատկութիւն: «Ես ձեզ ջուրով կը մկրտեմ, բայց ինձմէ աւելի հզօրը պիտի գայ, որ ձեզ Սուրբ Հոգիով եւ կրակով պիտի մկրտէ» (Ղկ 3.16): Ինչպէս բոլորս գիտենք, որ կրակը թէ՛ մաքրելու եւ թէ՛ սրբելու յատկութիւն ունի: Երբ Սուրբ Հոգին մեր մէջ ընդունինք, մենք անորմով կը մաքրուինք եւ մանաւանդ անորմով կը սրբուինք: Աստուած կրակ տեղացուց: Այսինքն այրե՞ց: Ո՛չ: Աստուած չ’այրեր, այլ՝ կը մաքրէ: Այստեղ նաեւ կարելի է ապաշխարութեան անդրադառնալ: Երբ ապաշխարութիւն ըսենք, մաքրութիւն պէտք է հասկնանք: Սուրբ Հոգիով մեր մտքերը կը մաքրուին, ապա դարձի կու գանք եւ Տիրոջ կը դառնանք: Դարձի գալ կը նշանակէ Սուրբ Հոգիի կրակով մաքրուիլ եւ սրբուիլ:

Աղօթքի պահուն որքա՜ն կարեւոր կը նկատենք մոմավառութեամբ աղօթելը, ուստի նոյնքան կարեւոր նկատենք Սուրբ Հոգիի կրակով լեցուած աղօթելը:

բ.  Իրմով նորոգելու զօրութիւն: Ան մեզ կը միացնէ ճշմարիտ Աստուծոյ: Եկեղեցական օծումները Սուրբ Հոգիով կը կատարուին, որովհետեւ Ս. Միւռոնը Ս. Հոգիին խորհրդանիշն է, Անոր էջքն է: Իրմով նոր արարածներ կը դառնանք: Իրմով կը վերածնինք: Նմանապէս, մկրտութեան պահուն, երբ երախային միւռոնով կը մկրտենք, այսինքն Սուրբ Հոգիով զինք Աստուծոյ կը միացնենք, Աստուծոյ կը բերենք: Նմանապէս, Սուրբ Պատարագի ընթացքին հացի եւ գինիի փոխակերպումը Սուրբ Հոգիին էջքով տեղի կ’ունենայ: Սուրբ Հոգին կու գայ մեզի միացնելու Աստուծոյ եւ իրմով նորոգելու դէպի նոր կեանքի, ճշմարիտ կեանքի:

գ.  ԶԱստուած ճանչցնելու կարողութիւն: Յիսուսէ դարեր առաջ, շատ մը փիլիսոփաներ ապրեցան, Սոկրատ, Պղատոն, Արիստոտէլ, Կիկերոն եւ այլն, որոնք մտքի բարձր հանճարներ էին եւ որոնք ուզեցին գտնել եւ ճանչնալ անծանօթ Աստուածը, բայց չգտած մեռան: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ թէպէտ մարդկային մտքի հսկաներ էին, սակայն Տիրոջ Հոգին կը պակսէր իրենց: Որքա՛ն ալ բարձրաստիճան վկայականներու տիրանանք, որքա՛ն ալ բարձրագոյն համալսարաններ յաճախենք, որքա՛ն ալ բարձրորակ գիրքեր ընթերցենք, բայց այդ բոլորը իրենց մէջ զԱստուած ճանչցնելու կարողութիւնն ու շնորհքը չունին: Ուստի, Աստուծմէ Սուրբ Հոգին խնդրենք, որպէսզի կարենանք ճանչնալ զԱստուած եւ մեր իւրաքանչիւր հարցումներուն Սուրբ Հոգիի իմաստութեամբ պատասխան գտնենք, նոյնինքն Աւետարանէն: Խնդրենք Սուրբ Հոգին, որպէսզի «դառնանք ի լոյս Աստուած գիտութեան»: Խնդրենք Սուրբ Հոգին, որպէսզի կարենանք «մոլորեալ ոչխարները», «անառակ որդիները» դարձի բերել: Խնդրենք Սուրբ Հոգին, որպէսզի կարենանք աղօթքի զօրութեամբ աշխարհը իր բնականոն խաղաղութեան մէջ պահել: Խնդրենք Սուրբ Հոգին, որպէսզի Աստուծոյ Հոգին մեր մէջ անպակաս մնայ եւ Անորմով առաջնորդուինք դէպի Արքայութիւն Աստուծոյ:

 

ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին