Երկուշաբթի, 21. 07. 2025

spot_img

Արամ Ա. Կաթողիկոսի «The Armenian Church» Գիրքը Լոյս Տեսաւ Արաբերէն Թարգմանութեամբ

Վերջին տարիներուն հանրութեան տրամադրութեան տակ կը գտնուի դիւրին ընթեռնելի, պարզ լեզուով ու ամփոփ, եւ յատկապէս երիտասարդութեան դիւրամատչելի, սակայն միաժամանակ համապարփակ կերպով գրուած հայ եկեղեցւոյ պատմութիւնը` շնորհիւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Անիկա գրուած է անգլերէնով` «The Armenian Church» խորագիրով եւ ցարդ թարգմանուած է երեք լեզուներու` ֆրանսերէնի, ռուսերէնի եւ պարսկերէնի: Այս մասին կը հաղորդեն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն։

Վերջերս վեհափառ հայրապետին վերոյիշեալ գիրքին արաբերէն թարգմանութիւնը եւս հրատարակուեցաւ Անթիլիասի մայրավանքի տպարանէն, եւ այսպիսով գիրքը տրամադրելի է 5 լեզուներով (անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն, ռուսերէն եւ պարսկերէն): Թարգմանական ամբողջական ու աստուածաբանական բառամթերքով լի մասնագիտական աշխատութիւնը կատարած է Հալէպի ազգայիններէն դոկտ. Հուրի Ազէզեան:

Այս առիթով նաեւ յայտնենք, որ հայրապետին գիրքին գերմաներէն ու յունարէն թարգմանութիւնները պատրաստ են եւ շուտով լոյս պիտի տեսնեն:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին