«Վերջին զանգը»ին վայելքը չ՛ապրեցայ եւ այդ եղաւ յետագայ կեանքիս առաջին եւ գլխաւոր ցաւերէն մին. Չէ, գլխաւորը պէտք է ըսեմ քանի որ ալ ամէն դուռ փակուեցաւ առջեւս միտումնաւոր թէ՝ ոչ մութ է տակաւին ինծի համար: «Վերջին զանգը» կը փակէ անցեալի իրականութիւնը, որմէ ետք պիտի յուշ դառնայ եւ բանայ դարպասները գալիք ընթացքին.այսինքն՝ նո՛ր սկիզբ, յառաջիկայ տարիներու: Ի՜նչ խնդութիւն կերպով մը յաղթանակէ յաղթանակ ընթացք ուր պիտի դիմագրաւես պայքարի տեսակներ. Լոյս ու մութ մտածումներ ի հարկէ քանի որ կեանքը հարթ հաւասար ընթացք մը չէ երբեք: «Վերջին զանգ» մը եւս, մինչեւ …նոր, ծանօթ եւ անծանօթ ուղիներ. Այսքանը կեանքի ընթացքն է իր ամբողջութեան մէջ եւ ընդունելի, զի այլ կերպ անկարելի է յառաջանալ: Սակայն ցաւալին՝ կեանքը ունի իր տհաճութիւնները, չոր կատակները ուր մարդկային հաշիւները իրար կը խփեն եւ կ՛ունենանք անսպասելին. «ոտքը քարին դպաւ» կ՛ըսենք եւ մեղաւորն ալ քարը կ՛ըլլայ ի հարկէ ինչպէս մարդկային ամէն երեւոյթի մէջ Ստեղծագործութեան Ադամական օրերէն.մարդկային բնութիւնը հնարք մը,կերպ մը, վերջապէս միջոց մը կամ բան մը կը յայտնաբերէ ու ինք իր չքմեղանքով կը շարունակէ իր ճամբան, եթէ ճամբան տակաւին շարունակութիւն ունի:«Վերջին զանգը»ին ցաւը յաճախ թեթեւ զգացած եմ զաւակներուս, թոռնիկներուս եւ աշակերտութեան ընդհանուր խանդավառութեան ներկայ եղած եմ երբ «գլխարկ»ները օդը նետուին ու ձգողական օրէնքով կ՛իյնան ափերուն մէջ խանդավառներուն. Պահ մը մոռնալով անձնականը՝ հաւաքականին հետ ընթանալու հոգեպէս. Վերջապէս մարդ արարածը մարդկային զգացողութեամբ,որմէ՝ ազգայինին, կ՛ապրի,կը յուզուի, ուրախ թէ տխուր առիթներով. Ընկերութեան հիմնականն սկզբունքն է իրարմով ապրիլ, զգալ: Աշխատատեղիէ մը մէկ նախադասութիւն զիս տպաւորած է. Հայելիին մէկ անկիւնը (Անգլերէնով) գրուած էր «Անձի մը հոգածութիւնը ուրիշի մը ապահովութիւնն է»: Այլեւս ինչ ինչ պատճառաւ դրուած էր հոն կ՛անգիտանամ սակայն կարեւորը խորքն է, եւ անոր գործադրութիւնը սակայն, գետնի վրայ որքա՜ն անիրականանալի. Փաստերու պէտք չունինք. Ամենօրեան ինքնին փաստ է իր տարակարծութիւններով, պարտադրանքներով, օրէնքներով, եւ խնդիրը կը հասնի մինչեւ պատերազմներ: Զանգը կը հնչէ, կը դառնայ ահազանգ բայց լսողը ո՞վ: Դառնանք «Վերջին զանգ»ին:
Է՜ր երբեմն հայկականութեամբ տոգորուն եւ ծարաւի, թրքական խժդժութիւններու իբրեւ պատասխան, բազմաթիւ ճակատներու վրայ ինքնահաստատման հետամուտ գաղթական հայը դպրոցներ կը հիմնէր ընտանիքներ կ՛աճէին «Աճեցէք եւ շատցէք»ը բնաբան ունենալով կարծես՛ քանի որ բազմազաւակ էին նոյնիսկ թիթեղաշէն տուներու մէջ երրորդ, չորրորդ, նոյնիսկ հինգերորդ Ծնունդի մը ճիչը ՎՐԷԺ կը կանչէր…բայց ափսո՜ս այսքան շու՞տ հազիւ երկու սերունդ ետք,պիտի կարդանք.-
«Վերջին մի քանի տարին լիբանանահայութեան համար վարժարանի մը փակումը նորութիւն չէ:»
«Չորեքշաբթի 20 Մայիս 2020 թուականը Սրբուհի Ագնէս Վարժարանի մեծ ընտանիքին համար շատ ցաւալի եւ ճակատագրական օր մըն էր»: Հասկնալի է չէ՞: Հայ ժողովուրդ դէպի ու՞ր… Նաւավարը ու՛ր որ տանի, հոն կ՛երթանք: Բայց նաւավարներու առատութենէն քիչ մը աջ, քիչ մը ձախ, քիչ մը առաջ եւ ետ ետ: Տասնամեակներ առաջ Շամփոլէոն նաւուն նաւապետը շուարած՝ Մանարայի եւ Օդակայանի փարոսներու միջեւ, նաւը քշել տուաւ Օդակայան ու… խրեցաւ աւազուտքի մէջ, որու իբրեւ լուծում ծով նետուողներ գտնուեցան. «ամէն ոք իր հաշւոյն»: Ու ոմանց համար հնչեց վերջին զանգը:
«Վերջին զանգը» ժամանակին չ՛ապրեցայ, սակայն բախտը ինծի նուիրեց այսպիսի միայն ցաւագին «ՎԵՐՋԻՆ ԶԱՆԳԸ»: ԲԱՅՑ ԴԵՌ ՎԵՐՋԻՆԸ ՉԷ: WAIT AND SEE.
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից