Երեքշաբթի, 03. 02. 2026

spot_img

Մենք Երկիրը Պիտի Չփակենք «Քորոնա» Ժահրի Երկրորդ Ալիքի Մը Պարագային Հաստատեց Թրամփ

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները պիտի չփակէ երկիրը, «Քորոնա» ժահրի երկրորդ ալիքի մը պարագային: Այս մասին ան խօսած է Միչիկըն գտնուող Ֆորտ ընկերութեան մէջ կատարած շրջայցի ժամանակ, երբ անոր հարցուցած են, թէ արդեօք կ’անհանգստանայ COVID-19- ի երկրորդ ալիքով:

«Մարդիկ կ’ըսեն, որ այդ մէկը շատ հաւանական է, բայց մենք պիտի կարողանանք մարել հրդեհները: Մենք պիտի չփակենք երկիրը», – ըսած է Թրամփ լրագրողներուն:

Թրամփ նաեւ վստահութիւն յայտնած է ապագային վարակի բռնկումը զսպելու երկիր կարողութեան մասին ՝ ըսելով, որ ըլլայ այն այրող ալիք, թէ այլ, «Մենք պիտի աշխատինք զայն մարել, բայց պիտի չփակենք մեր երկիրը»:

ԱՄՆ բոլոր յիսուն նահանգները յայտարարած են, որ սկսած են թեթեւցնել «Քորոնա» ժահրի տարածումը զսպելով պայմանաւորուած սահմանափակումները, եւ աստիճանաբար կը վերսկսին իրենց տնտեսական գործունէութիւնը, որպէսզի ամերիկացիները կարողանան վերադառնալ բնականոն կեանքի:

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին