Երկրորդ օրն ըլլալով Լիբանանի տարածքին գրանցուած քորոնա ժահրով վարակուածներու թիւը աննախադէպ բարձր ցուցանիշ արձանագրեց: Երկէ գրանցուեցան 62 պարագաներ, որոնցմէ 59 տեղական իսկ 3 արտերկրէն եկողներու մէջ:
Այս անակնկալ աճը, որ վարակուողներուն թիւը հասցուց 1086-ի, երեք գիւղերու մղեց փակման միջոցառումներ կիրառել հաւասարակշռելու համար վարակի տարածումի ալիքը:
Շուֆի Մազպուտ գիւղը, Պեքաայի Մաժտէլ Անճառ եւ Պար Էլիաս գիւղերը նոյնպէս փակեցին իրենց մուտքերը:






