Երեքշաբթի, 10. 03. 2026

spot_img

Արայիկ Յարութիւնեան Երդում Կատարելով Ստանձնեց Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի Պաշտօնը

Արայիկ Յարութիւնեանը երդման հանդիսաւոր արարողութեամբ ստանձնեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը: Միջոցոռւմը տեղի ունեցաւ Շուշիի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնի դահլիճին մէջ կայացած ԱԺ յատուկ նիստի ժամանակ՝ Սահմանադրութեամբ սահմանուած կարգով:

Նախագահի երդման համար դահլիճ բերուեցան Արցախի Հանրապետութեան պետական դրօշը, Սահմանադրութիւնը եւ 17-րդ դարու Աւետարանը:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելու համար երդման իր խօսքին մէջ Յարութիւնեանը, մասնաւորապէս ըսաւ. «Ստանձնելով ԱՀ նախագահի պաշտօնը՝ կ’երդուիմ. անվերապահօրէն կատարել Սահմանադրութեան պահանջները` յարգել մարդու եւ քաղաքացիի իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ապահովել Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անվտանգութիւնը՝ ի փառս Արցախի Հանրապետութեան եւ ի բարօրութիւն Արցախի ժողովուրդի»:

Պաշտօնի ստանձնման եւ երդման արարողութեան ներկայ եղան ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ՀՀ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանը, Արցախի երրորդ նախագահ Բակօ Սահակեանը, երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեանը, Գերաշնորհ Սրբազան հայրը: ԱԺ յատուկ նիստին մասնակցեցան ԱՀ ազգային ժողովի պատգամաւորներ, Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի եւ կառավարութեան անդամները, Գերագոյն դատարանի նախագահն ու Վերաքննիչ եւ Առաջին ատեանի դատարանի նախագահները, Պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն սպայակազմը, ԿԸՅ-ի անդամները, Հայաստանի եւ Արցախի կուսակցութեան ներկայացուցիչներ եւ այլք:

Օրհնանքի իր խօսքը ըրաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, շնորհաւորեց նաեւ Սուրբ համբարձման տօնի առիթով:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին