Լիբանանի Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ՝ իր պաշտօնի ստանձնման 100րդ օրուան առիթով ելոյթ ունեցաւ խոստանալով »դրական փոփոխութիւններ» երկրի կառավարման մէջ շրջանցելու համար տնտեսական տագնապը, որուն համար նաեւ կատարելով բարեփոխումներ:
Տիապ շեշտեց, որ կառավարութիւնը իր աշխատանքի անցնելուն 100 օրուայ ընթացքին արդէն իսկ իրագործած է տուեալ 100 օրերուն համար իր նախատեսած աշխատանքներուն 97 տոկոսը:
Ըստ Տիապի կառավարութիւնը յաջողած է կասեցնել երկրի ամբողջական անկումը:
Վարչապետը իր այս հաստատումները ըրաւ վարչապետարանին մէջ նախարարաց խորհուրդի հերթական նիստէն առաջ:
Կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին երկարաձգեց երկրին տարածքին հաստատած առողջապահական արտակարգ իրավիճակի դրութիւնը, որ այս անգամ պիտի տեւէ մինչեւ Յունիս 7: Այս որոշումը առնուեցաւ ի տես այն մրցանշային վարակումի դէպքերուն, որոնք արձանագրուեցան երէկ՝ մէկ օրուայ մէջ վարակուողներուն թիւը հասցնելով 63-ի, մինչ Լիբանանի տարածքին մինչեւ երէկ վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 1024-ի:
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը