Կիրակի, 22. 03. 2026

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցաւ Արցախի Նախկին Եւ Նորընտիր Նախագահներուն Հետ

Այսօր՝ Հինգշաբթի, 21 Մայիս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նախ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Վսեմաշուք Բակօ Սահակեանին հետ։ Անոնք անդրադարձ կատարեցին անցնող տարիներուն իրենց ունեցած սերտ գործակցութեան՝ ի խնդիր Արցախի առաւել հզօրացման:

Ապա, նորընտիր նախագահին՝ Վսեմաշուք Արայիկ Յարութիւնեանին հետ ունեցած խօսակցութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը վերահաստատեց նոյն ոգիով ու յանձնառութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան հետ։ Նորընտիր նախագահը, իր կարգին, յիշեց իր յաճախակի այցելութիւնները Անթիլիասի Մայրավանք, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բերած նպաստը Արցախի առաւել ծաղկման ու բարգաւաճման գործընթացքին:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին