Ամէն ասպարէզի մէջ հակառակորդին վրայ առաւելութիւն արձանագրելու համար, գիտնալու է անոր ռազմավարութիւնը (Strategy): Եթէ գիտնանք մեր հակառակորդին հիմնական նպատակը, արդէն անոր դէմ պայքարի կէս ճամբան կտրած կ’ըլլանք: Ուրեմն, որպէս հայ ժողովուրդ, որ Կովկասէն մինչեւ Միջին Արեւելք շրջաններու բնակիչ ենք, պէտք է գիտնանք, թէ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը ի՞նչ ռազմավարութիւն ունին, շրջանին վրայ իրենց աշխարհաքաղաքական (geopolitical) ազդեցութիւնը զարգացնելու համար:
Թուրքիան մինչեւ 2002 թուականը, կամ Ռաճափ Թայիպ Էրտողանի Զարգացում եւ Արդարութիւն կուսակցութեան (Adalet ve Kalkinma Partisi) իշխանութեան հասնիլը, կը համարուէր արեւմտամէտ երկիր մը, ուր կը տիրէր անկրօն լայիք համակարգ մը: Անոր յենարաններն էին բանակը եւ Աթաթիւրքի հիմնած Ժողովուրդի Հանրապետական կուսակցութիւնը (Cumhuriyet Halk Partisi): Կարեւոր յենարան էր նաեւ ազատական եւ դեմոկրատական արժէքներու հաւատացող միջին խաւ մը, կեդրոնացած Կոստանդնուպոլսոյ, արեւմտեան Թուրքիոյ ծովեզերեայ քաղաքներուն մէջ: Այստեղ էր կեդրոնը արտադրութեան եւ առեւտուրի: Կեդրոնական Անաթոլիան եւ արեւելեան մասը երկրին ունէին քիւրտ եւ թուրք Իսլամի մօտ եղող բնակչութիւն: Այս շրջանին մէջ է որ զարգացաւ Էրտողանի կուսակցութիւնը, որպէս լծակ ունենալով երկրի ճարտարարուեստին եւ գիւղատնտեսութեան զարգացումը այս շրջանին մէջ: Երրորդ եւ հաւասարակշռող ուժ կը հանդիսանայ Ազգայնական Շարում կուսակցութիւնը (Milliyetci Hareket Partisi), որ ծանօթ է նաեւ իր «Գորշ Գայլեր» անունով: Այս մէկը ծայրագոյն աջի ազգայնական կուսակցութիւն է: Վերջերս երեւաց նաեւ քրտական մեծ ազդեցութիւն ունեցող Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութիւնը (Halklarin Demokratik Partisi): Այս կուսակցութիւնը կը ձգտի քիւրտերու եւ այլ ազգային փոքրամասնութիւններու, ինչպէս հայերու, յոյներու, ձայնը լսելի դարձնել Խորհրդարանին մէջ: Հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդամ է այս նորաստեղծ կուսակցութեան եւ բաւական յառաջդիմական գործ կը տանի հենելով քիւրտ պատգամաւորներու: Համայնավար եւ Ընկերվարական կուսակցութիւնները զինուորական վարչակարգի եւ Աթաթիւրքի օրերէն հալածուած են եւ միշտ ճնշումի տակ են:
Էրտողան փորձեց սիրաշահիլ Արեւմուտքը, մանաւանդ Եւրոպան, անդամակցելու համար Եւրոպական Միութեան: Երբ նկատեց որ այդ հարցը հասած է անկարելիութեան սահմանին, սկսաւ կատարել իր շրջադարձը դէպի Արեւելք: Ինչի՞ վրայ կը հենի Էրտողան իր արեւելեան քաղաքականութեան մէջ: Որո՞նք են իր ուժի կէտերը: Անոր հիմնական նպատակն է Իսլամ Եղբայրներ կազմակերպութեան ազդեցութիւնը տարածել իսլամական աշխարհին մէջ: Իր իշխանութեան տարիներուն Թուրքիա ականատես դարձաւ տնտեսական մեծ աճի եւ երկիրը այսօր անդամ է Աշխարհի տնտեսապէս ամենայառաջադէմ 20 երկիրներու ակումբին: Ան տնտեսական ներուժը օգտագործեց քանի մը ձեւով: Առաջին դպրոցներ հիմնեց շատ մը իսլամական երկիրներու եւ Եւրոպայի մէջ քաղաքական իսլամը յառաջ մղելու համար: Ապագայ սերունդը համոզելու համար, թէ իսլամական աշխարհի փրկութեան միակ լաստը քաղաքական իսլամն է Իսլամ Եղբայրներու հովանիին տակ: Երկրորդ օժանդակեց հիւանդանոցներու եւ այլ ծրագիրներու գործադրութեան իսլամական երկիրներու մէջ: Լիբանանի մէջ հիմնուած Սայտայի հիւանդանոցը այդ օրինակներէն մէկն է: Անցաւ մշակութային արշաւի մը, Օսմանեան պետութեան մասին դրական ժապաւէններ պատրաստելով, ցոյց տալու համար օսմանեան իշխանութեան կամ շինծու խալիֆայութեան օրերուն իսլամներու վերելքը: Թրքական ժապաւէններ ողողած են Միջին Արեւելքի շուկան: Անոնց նպատակն է ցոյց տալ Թուրքիոյ մէջ մարդոց վայելած բարիքները: Ձեւով մը աշխատանք կը տարուի մարդոց ենթագիտակցութեան մէջ հող պատրաստելու վերընդունելու համար թրքական ազդեցութեան վերադարձը եւ զայն ցոյց տալով որպէս բարիք Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն համար: Նպատակը ուրեմն Թուրքիոյ ազդեցութեան վերադարձն է Միջին Արեւելք եւ Հիւսիսային Ափրիկէ:
Այս բոլորէն ետք ամենավտանգաւոր քայլը Էրտողանի, իր դրացի արաբները խաբելէ ետք, զգալով աշխարհաքաղաքական պարապը որ ստեղծուեցաւ «Արաբական Գարուն» կոչուած արեւմտեան ծրագիրի ծիրին մէջ, հազարաւոր զինեալներ մտցնելն էր Սուրիա: Այդ երկիրը Իսլամ Եղբայրներու լուծին տակ առնելու համար: Բարեբախտաբար շրջանային եւ միջազգային մեծ ուժեր՝ Ռուսիա, Իրան եւ Չինաստան զգացին այդ քայլին վտանգը եւ սկսան հակահարուած տալ այդ ծրագիրին: Մեծ համեմատութեամբ ձախողութեան մատնեցին զայն: Վտանգը կը մնայ սակայն: Թուրքիա կը միջամտէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ մէյ մը քիւրտերու ազատագրական շարժումը պատրուակ բռնելով, մէյ մըն ալ իր իսլամ եղբայրներուն օգնելու համար: Եգիպտոսի մէջ միջամտութիւնը ձախողութեան մանուեցաւ զօրավար Սիսիի իշխանութեան գալով: Լիպիոյ մէջ ուղղակիօրէն կը միջամտէ Իսլամ եղբայրներու վարչակարգին օգնելու համար, զօրավար Հաֆթարի ազգային ուժերուն դէմ: Մէկ խօսքով, Էրտողան մեծ ճիգ կը թափէ քաղաքական Իսլամը օգտագործելով շրջանի ժողովուրդները իր մականին տակ առնելու եւ Օսմանեան պետութեան «փառք»ի օրերը վերադարձնելու համար: Իրեն կը հակադրուին արաբ ազգայնականները գլխաւորութեամբ Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Արաբական Միացեալ Էմիրութեան, Լիպիոյ եւ այլ երկիրներու: Քաթար բնական դաշնակից մըն է Թուրքիոյ, իր աշխարհաքաղաքական շահերէն մեկնելով: Թրքացեղ պետութիւններու լծակն ալ կը փորձէ օգտագործել Էրտողան: Վերջերս «Ղարաբաղի Ազրպէյճանցիներու» խաղաքարտը այդ ծրագիրին մաս կը կազմէ: Լուրջ աշխարհաքաղաքական տեղաշարժի առջեւ ենք: Որպէս հայ ժողովուրդ, շրջանի մեր բնական դաշնակիցներն են ազգայնական արաբները: Այդ կու գայ անոնց հինէն մղուած պայքարէն եւ տուած նահատակներէն Օսմանեան պետութենէն ազատագրուելու հոլովոյթին մէջ: Ո՞վ ըսաւ որ մենք առանձին կրնանք պայքարիլ թրքական հսկայ տնտեսական, քարոզչական եւ զինուորական մեքենային դէմ: Իսկ արաբ իսլամական ուժերուն հետ ալ մշակել լուրջ երկխօսութիւն եւ փաստերով համոզել զիրենք, թէ օսմանցին զիրենք շահագործած է Իսլամի անունով 400 երկար տարիներ: Թէ անոնց համար թուրք ցեղի շահերը շատ աւելի կարեւոր են Իսլամէն: Դաշնակիցներ փնտռենք շրջանէն եւ ոչ թէ դուրսէն: Դուրսը շատոնց փորձուած է եւ մեզ միշտ շահագործած է: Սուրիոյ եւ Լիպիոյ խորհրդարաններուն առած Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող որոշումները փոքր արդիւնքներ են տակաւին: Համագործակցութեան լայն դաշտ կայ: Դաշնակիցներ պիտի գտնենք վստահաբար եւ մեր պայքարը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ: Փոխադարձ շահի կէտեր փնտռենք եւ յաջողութիւնը շրջանի ժողովուրդներուն պիտի ըլլայ: Մտածենք որպէս շրջանի ժողովուրդներու մաս եւ ոչ որպէս առանձին ազգ մը: Այդ ձեւով, պայքարի բեռը առանձին պիտի չվերցնենք: Զգոյշ քաղաքական քայլերու ժամանակ է: Ժամն է շրջանի ժողովուրդներու միջեւ համագործակցութեամբ տկարացնելու թրքական դրածոյ համակարգը, ինչպէս որ 612 թուականին Քրիստոսէ Առաջ մեր նախահայրերը դաշնակցեցան Բաբելոնի եւ Մարաստանի հետ վերջ դնելու համար Ասորեստանի ծանր լուծին: Սորվինք պատմութենէն: Ժամն է աշխատանքի:
ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ
«Ուրեմն, ամենակարեւորը պատերազմի ատեն
հակառակորդին ռազմավարութեան վրայ յարձակումն է»:
Սուն Ցու, Ք.Ա. Զ.դարու չինացի ռազմավար, զինուորական եւ փիլիսոփայ