Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

Փորձի Եւ Գիտելիքի Համադրութիւնը Դրական Արդիւնքներու Պիտի Հանգեցնէ. Նախագահ Սարգսեան Հեռավար Զրոյց Ունեցած է Ամերիկահայ Գործարար Նուպար Աֆէեանի Հետ

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ հեռաձայնային  զրոյց մը ունեցաւ ամերիկահայ գործարար եւ բարերար Նուպար Աֆէեան:

Ամերիկեան Moderna ընկերութիւնը, որուն համահիմնադիրը եւ գլխաւոր տնօրէնն է Աֆէեան՝ աշխոյժ աշխատանք կը տանի «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստ մը մշակելու ուղղութեամբ եւ մարդոց վրայ փորձարկումներու առաջին փուլին արձանագրուած են յուսալից արդիւնքներ:

«Այդ մասին Նուպար Աֆէեանը տեղեկացուցած է նախագահ Սարգսեանին, նշելով, որ պատուաստանիւթի փորձարկումներուն առաջին փուլը յաջողութեամբ անցած է։ Նախագահ Սարգսեան յաջողութիւն մաղթած է Նուպար Աֆէեանին իր ձեռնարկներուն մէջ՝ ակնկալելով, որ փորձի ու գիտելիքի համադրութիւնը պիտի հանգեցնէ դրական արդիւնքներու: Հանրապետութեան նախագահն ու ամերիկահայ գործարարը մտքեր փոխանակած են նաեւ Հայաստանի մէջ համաճարակի հետ կապուած իրավիճակի եւ անոր հետեւանքներու յաղթահարման ուղիներուն շուրջ: Նախագահը ընդգծած է համատեղ ուժերով իրավիճակը յաղթահարելու կարեւորութիւնը՝ նշելով, որ միայն միասնական ջանքերով հնարաւոր է դուրս գալ այս նոր փորձութիւնէն»,- ըսուած է նախագահի մամլոյ գրասենեակին տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին