«Մէկ ազգի պահողն էլ լեզուն ա ու հաւատը, թէ սրանց էլ կորցնենք, վայն եկել է մեր օրին» Խ.Ա.
Մանաւանդ վերջերս կը թիրախաւորուի Հայաստանի պետական մակարդակի հայերէնը, որ ցաւ ի սիրտ խոցելի է: Ինչու՞… կայ պատմական եւ մօտիկ անցեալ մը, որմէ՝ այսօրուան վիճակը:
«ԿՌՈՒԱԽՆՁՈՐ» բառով դպրոցական օրերէս տպաւորուած եմ: Արդարեւ այդպէս է եղած վերջին վեց հարիւր տարիներու ընթացքին: Բագրատունեաց թագաւորութեան անկումով սկիզբ առաւ զանգուածային գաղթը: Սելճուք թուրքերու յառաջխաղացումը դէպի Փոքր Ասիա ու անկէ՝ Եւրոպայի խորքերը. Կոստանդնուպոլսոյ Այա Սոֆիա տաճարի գմբէթի խաչը հաւասարեցաւ գետնին: Սթամպուլ եղաւ Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաք, եւ թրքական դիւանագիտութեամբ փոքրամասնութիւններու լայն ազատութիւն տրուեցաւ ու հայեր ունեցան Պատրիարքարան, դպրոցներ ու յարաբերաբար ազատ շնչառութեան երաշխիք, պարզապէս Հայաստանի կեղեքուող հայ բնակչութիւնը առինքնելու. Կարճ՝ Հայաստանը բնիկներէն դատարկելու. Այդպէս ալ եղաւ. Գիւղացի թէ մտաւորական «Լոյսի Աղբիւր»ի գացողի նման հաստատուեցաւ Ոսփորի ափունքներու շուրջ: Պոլիսէն դէպի Արեւմուտք, քաղաքակրթութեան կեդրոն, շնորհիւ Մխիթար Սեբաստացիի, հիմնուեցաւ Մխիթարեան Միաբանութիւնը, որը դարձաւ մշակութային կեդրոն պատմական, բանասիրական եւ գրականագիտական աշխատութիւններու: Մշակութային շնչառութիւնը կը գործէր ի շահ հայութեան եւ ի մասնաւորի՝ Արեւմտահայութեան:
Երբ 18րդ դարասկիզբին հիմնուած էր Մխիթարեան կեդրոնը, ու սերունդներ կը կերտէր, անդին, Հայկական հողի Արեւելեան բաժնին վրայ՝.-Խօսքը տանք Տիգրան Սահակեանին.-«Եթէ հայկական մարզում մինչեւ 1828թ. Փետրուարի 10ը հայերի թիւը կազմում էր բնակչութեան 25%, ապա Ռուսաստանին միանալուց երեք տարի յետոյ 1831թ. Բնակչութեան թիւը կազմեց 50%ից աւելին: Հենց հայկական մարզն ու իր այդ ազգաբնակչութիւնն էլ եղան 1918-20թթ.Հայաստանի Հանրապետութեան եւ արդի Հայաստանի Հանրապետութեան կորիզն ու միջուկը»: Ուստի Հայկական մարզի, ապա՝ Հայաստանի բնակչութիւնը ինքնակառուցման պարտաւորուեցաւ: Մոսկուայի մէջ 1815թուին մեծահարուստ Լազարեաններու նախաձեռնութեամբ եւ միջոցներով հիմնուեցաւ Լազարեան Ճեմարանը: «Կարելի է համարձակ կերպով ասել չլինէին Լազարեանները եւ Ներսէս Աշտարակեցին, ռուսահայերը դեռ շատ երկար թաղուած կը մնային ասիական խաւարի մէջ»: (ԼԷՕ):
Ի՞նչ կրնայինք ուրեմն. Ինչպիսի՞ ժառանգ ունէին հայրենի հողին վրայ ապրուստի կարիքի մէջ գտնուողները. Բայց իբրեւ դարման ունեցան Խ. Աբովեան մը՝ որ իր «ՎԷՐՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ»ով նոր գրականութեան եւ արթնութեան շրջադարձը եղաւ: Ան Հայրենիքի վերածննդեան յոյսը կապած էր ազգային համախմբման, (բան մը որ տակաւին Ի ԶՕՐՈՒ Է), պայքարի, կրթութեան եւ լուսաւորութեան տարածումին մէջ: Գրեց ժողովուրդի լեզուով լքելով գրաբարը անցեալի մէջ:
Պրպտենք քիչ մըն ալ Աբովեանը.- «Դու իմ պատուական ազգ. Քո որդու արածը, քո որդու խակ լեզուն սիրես, ընդունիս, ինչպէս հերը իր մանուկի կմկմալը, որ աշխարհի հետ չի փոխիլ:» Եւ.- «Օրհնուի էն սհաթը, որ ռսի օրհնած ոտը հայոց լիս աշխարհը մտաւ, ու ղզլբաշի (պարսիկ) անիծած չար շունչը մեր երկրիցը հալածեց: Բայց թէ մինչեւ էս բախտին հասնելը, ի՜նչ օրեր ընք քաշել: Երեւանի բերդ…քանի-քանի ողորմելի հայի միս է կերել:»
Յ.Գ. «Օրհնուի էն սհաթը»: Ի՞նչ կ՛ըսէք. Սրբագրե՞նք Խ. Աբովեանը: (Սհաթը-ժամը):
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից