Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

ՄԱՀԱԶԴ

«Ի՜նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.
Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինա՜կ, ա՜յն միայն.
Ինչ որ գնաց ուրիշին` վերադարձաւ անուշցած ու զօրացած`
Հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան»
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ

Տիկին Ազատուհի Նանիկեան Սերոբեան (Կիպրոս)
Տէր եւ տիկին Սեւակ եւ Թալին Սերոբեան եւ զաւակունք (Կիպրոս)
Տէր եւ տիկին Պարգեւ եւ Ռուզան Տէմիրճեան եւ զաւակունք (Քուէյթ)
Տէր եւ տիկին Սարօ եւ Գարոլ Սերոբեան եւ զաւակունք (Կիպրոս)
Սերոբեան եւ Նանիկեան ընտանիքներ
Պուլտուգեան եւ Տէմիրճեան ընտանիքներ
Ենովքեան եւ Պախթիարեան ընտանիքներ
Կարապետեան եւ Սէրայլեան ընտանիքներ
Կարոյեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին`

ՌԱՖԱՅԷԼ ՅԱԿՈԲ ՍԵՐՈԲԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1933-ին)

մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 17 մայիս 2020-ին, գիշերուան ժամը 11:11-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:

Յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 22 մայիսին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ապա հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Նիկոսիոյ Ազգային գերեզմանատան մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

Կը խնդրուի փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւն կատարել Գալայճեան հանգստեան տան, Նիկոսիա, Կիպրոս:

Նկատի ունենալով Պսակաձեւ ժահրի համաճարակին ստեղծած դժուարութիւնները, հանգուցեալին ընտանիքը ցաւակցութիւն պիտի ընդունի հեռակայ կարգով` ել-նամակի, հեռաձայնի եւ ընկերային ցանցերու միջոցով` seropianfamily@gmail.com

***

Այս տխուր առիթով «Զարթօնք» իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալ Պրն. Սերոբեանին հարազատներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն, ի մասնաւորի իր այրիին՝ տիկին Ազատուհիին եւ զաւակներուն՝ Ռուզանին, Սեւակին եւ Սարոյին եւ իրենց ընտանիքներու անդամներուն:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին