Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Արցախի ՊԲ-ի Մէջ Հարուածային Անօդաչու Թռչող Սարք Փորձարկած Են

«Տիգրանակերտ» զօրավարժարանին մէջ, Մայիս 19-ին, բանակի փորձարկման եզրափակիչ փուլը յաջողութեամբ յաղթահարած է Արցախի հանրապետութեան եւ ՊԲ-ի համապատասխան մասնագէտներուն կողմէ նախագծուած ու արդիականացուած հարուածային անօդաչու թռչող սարքը: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն։

Անիկա կը գործէ տեղորոշման տարբեր արհեստագիտական միջոցներէն անկախ, ունի խուսավարման ու կրակային խոցման բարձր հնարաւորութիւններ, արհեստագիտական բնութագրերով չի զիջիր առաջնակարգ երկիրներու նմանատիպ սարքերուն եւ կը կառավարուի դիւրութեամբ:

Յառաջիկայ ամիսներուն հարուածային անօդաչու թռչող սարքերը պիտի մտնեն պարբերական արտադրութեան փուլ եւ իրենց լիարժէք տեղը պիտի զբաղցնեն ԱՀ պաշտպանական համակարգին մէջ:

Փորձարկումներուն հետեւած են ԱՀ ՊՆ, ՊԲ հրամանատար զօրավար-հրամանատար Ճալալ Յարութիւնեանն ու բարձրաստիճան այլ զինուորականներ:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին