Մայիս 19-ին, ժամը 20:32-ի սահմաններուն, ՊԲ արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, դեռ չպարզուած հանգամանքներով, զոհուած է ՊԲ զինծառայող, 2000-ի ծնունդ Հենրիկ Սամսոնի Արամեանը։ Այս մասին կը տեղեկանանք Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:
Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն:






