Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Ալեքքօ Եւ Անի Պէզիքեան Ընտանիքը 100,000,000 Լիբանանեան Ոսկիով Կը Շարունակէ Նեցուկ Կանգնիլ Լիբանանահայութեան

Կարիքաւոր ընտանիքներուն սննդամթերք տրամադրելու աշխատանքներուն նպաստելով, Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ընտանիքը 100,000,000 լիբանանեան ոսկիով կը մասնակցի Ազգային վարչութեան նախաձեռնած մայիս ամսուան ընթացքին 2000 սնտուկ սննդամթերք տրամադրելու աշխատանքներուն։

            Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլին, որ Լիբանանի տնտեսական դժուարութիւններուն դէմ յանդիման եւ Քորոնա ժահրին յառաջացուցած տագնապները յաղթահարելու ճիգերուն մէջ միշտ ալ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ իր նպաստը բերած է՝ զօրակցելով կարիքաւոր ընտանիքներուն։

Կը մաղթենք, որ Լիբանանահայութեան թիկունք կանգնելու ճիգերը յառաջիկային կը բազմապատկուին, որպէսզի հաւաքաբար շրջանցենք դժուարին պայմանները եւ հասնինք մեր ժողովուրդի բոլոր կարիքներուն։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին