Երեքշաբթի, 03. 02. 2026

spot_img

Իպրահիմ Լաւատես Սահմանային Անօրինական Անցքերու Հարցի Լուծմամբ

Լիբանան-Սուրիա սահմանային անօրինական անցքերը միշտ ալ խնդրայարոյց եղած են, թէ ապահովական եւ թէ տնտեսական իմաստով:

Ներկայ պահուն երբ Լիբանան տնտեսական լուրջ ճգնաժամի մէջ է, այդ անվերահսկելի անցքերը աւեր կը գործեն կացութիւնը աւելի եւս վատթարացնելու, ուրկէ դէպի սուրիա դուրս կու գան կենսական նիւթեր, որոնք այնքան կարեւոր են Լիբանանի ժողովուրդին համար:

Ընդհանուր ապահովութեան տնօրէն Զօր. Ապպաս Իպրահիմ լաւատեսութիւն յայտնեց, որ այդ բացթողումը շուտով պիտի կարգաւորուի:

Ան իր յայտարարութիւնը ըրաւ Խորհրդարանի նախագահ՝ Նապիհ Պըրրիի տուած իր այցելութեան միջոցին:

Ան խորհրդարանի նախագահին զեկուցեց վերջերս այս օրակարգով Սուրիա իր այցելութեան մասին, որուն ընթացքին ան, այնտեղի պատկան մարմիններուն հետ հանդիպած էր այս հարցին կարգաւորման համար:

Միւս կողմէ երէկ Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով Լիբանանի մէջ արձանագրուած են, Քորոնա ժահրով վարակուած 7 նոր պարագաներ: Մահուան դէպք չէ պատահած:  

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին