Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը 30,000 Ամերիկեան Տոլարի Մարդասիրական Օգնութիւն Կը Յատկացնէ Լիբանանահայ Գաղութին

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը 30.000 ամերիկեան տոլար կը տրամադրէ ընկերային ծառայութիւններ մատուցող լիբանանահայ երեք կազմակերպութիւններու՝ քաջալերելու երկրին ծանր տնտեսական պայմաններուն եւ Քովիտ 19-ին ստեղծած բժշկական տագնապը յաղթահարելու համար անոնց նախաձեռնած մարդասիրական աշխատանքները:

 

Իւրաքանչիւրը 10.000 ամերիկեան տոլարի օժանդակութիւն ստացող երեք կազմակերպութիւններն են.-

–          Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ (ԼՕԽ)

–          Հայ Կրթական Բարեսիրական Միութիւն (ՀԿԲՄ)

–          Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութիւն

Տրամադրուելիք նպաստները պիտի օգնեն այս կազմակերպութիւններուն շարունակել լիբանանահայ գաղութի կարիքաւորներուն սնունդի, դեղորայքի եւ բժշկական ծառայութիւններ մատուցելու իրենց նախաձեռնած աշխատանքները:

 

Այս նուիրատուութիւնը համահունչ է լիբանանահայ կրթական ոլորտէն ներս Հիմնարկութեան նախաձեռնած աշխատանքներուն:  Հոսկէ մեկնելով, դեկտեմբեր 2019-ին եւ յունուար 2020-ին, Հիմնարկութիւնը նիւթական օժանդակութիւն տրամադրած էր Լիբանանի մէջ գործող 18 հայկական վարժարաններուն: Մարդասիրական այս օգնութիւնը կ’ամբողջացնէ Քովիտ-19-ին վերաբերող բժշկական սարքեր ապահովելու նպատակով Հայաստանին ղրկուած օժանդակութիւնը:

 

Հայկական Բաժանմունքին կողմէ կատարուած այս նուիրատուութիւնը մաս կը կազմէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Քովիտ-19-ին վերաբերող ընդարձակ ծրագիրներուն: Ան պսակաձեւ ժահրին ստեղծած տագնապը յաղթահարելու նպատակով Բաժանմունքին նախաձեռնած տարբեր ծրագիրներէն մէկն է:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին