Երեքշաբթի, 03. 02. 2026

spot_img

Միացեալ Նահանգներու Միջազգային Զարգացման Գործակալութենէն Յաւելեալ 19 Միլիոն Նպաստ՝ Հայաստանին

Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան եւ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմին միջեւ ստորագրուեցաւ «Աւելի մասնակցային, արդիւնաւէտ եւ հաշուետու կառավարման զարգացման ուղղուած համագործակցութեան համաձայնագիր»ի փոփոխութիւնը, որուն համաձայն, համաձայնագիրով տրամադրուող օժանդակութիւնը  աւելցաւ 11․5 միլիոն ամերիկեան տոլարով:

Այս փոփոխութեամբ 2013-ին ստորագրուած համաձայնագիրով յատկացուող օժանդակութեան ընդհանուր գումարը դարձաւ 51․4 միլիոն տոլար: Համաձայնագիրը կը միտի աջակցիլ ժողովրդավարական կառավարման բարեփոխումներուն:

Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան օժանդակութիւնը նաեւ կ՛ուղղուի  քաղաքացիական հասարակութեան եւ տեղեկատուական  ծրագիրներու, որոնք կը բարձրացնեն քաղաքացիական աշխուժութիւնը եւ իրազեկութեան մակարդակը ու կը խթանեն տեղեկատուութեան բազմազան եւ առարկայական աղբիւրներու հասանելիութիւնը` առանձնակի շեշտադրելով տեղեկատուական գրագիտութիւնը:

Նաեւ, Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան հետ ստորագրուած համաձայնութեամբ՝ որոշուեցաւ 7․5 միլիոն տոլարի յաւելեալ նպաստ տրամադրել համակողմանի տնտեսական աճ ապահովելու, աւելի բարենպաստ գործարար միջավայր ստեղծելու եւ տնտեսութիւնը աւելի մրցունակ դաձնելու ջանքերուն, այսպէսով, 2010ին ստորագրուած համաձայնագիրով յատկացուող օժանդակութեան ընդհանուր գումարը դարձաւ 91․8 միլիոն տոլար։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին