Երէկուայ իր ժողովին Լիբանանի կառավարութիւնը վաւերացուց դպրոցական տարեշրջանի աւարտին յայտարարութիւնը, որ կատարած էր Կրթութեան նախարարը, միեւնոյն ժամանակ չեղարկելով պետական քննութիւնները:
Այս մասին յայտարարեց Տեղեկատուութեան նախարարը, Պաապտայի մէջ կայացած նախարարաց խորհուրդի ժողովին աւարտին:






