Երեքշաբթի, 10. 03. 2026

spot_img

Արցախի Նախագահի Երդմնակալութեան Հանդիսաւոր Արարողութիւնը Պիտի Հեռարձակուի Ուղիղ Եթերով՝ Առանց Լրագրողներու

Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահին երդման արարողութեան ներկայ պիտի ըլլայ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ազգային ժողովի յատուկ նիստի ժամանակ, Մայիս 21-ին` ժամը 18:00-ին, Շուշիի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնի դահլիճին մէջ: 

Արցախի նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրած է, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի երդմնակալութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը պիտի հեռարձակուի ուղիղ եթերով, իսկ լրագրողներու մուտքը չէ թոյլատրուած:

Ան գրած է.

«Լրատուամիջոցներու յարգելի՛ ներկայացուցիչներ,

Կը տեղեկացնեմ, որ Մայիս 21-ին` ժամը 18:00-ին, Շուշի քաղաքին մէջ կայանալիք` Արցախի Հանրապետութեան նախագահի երդմնակալութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը ուղիղ եթերով պիտի հեռարձակեն՝ Արցախի հանրային, Հայաստանի հանրային, Երկիր մեդիա, Կենտրոն, ԱՐ հեռուստաընկերութիւնները:

Պիտի ապահովուի նաեւ լուսանկարներու առցանց տրամադրումը:

Լրագրողների մուտքը դահլիճ չէ թոյլատրուած, որուն համար նախապէս ներողութիւն կը խնդրենք բոլորէդ»:

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին