Դէմ յանդիման գտնուելով քորոնա ժահրով վարակումներու վերջին օրերու համեմատաբար բարձր թիւին (երէկ գրանցուեցան 23 պարագաներ) կառավարութիւնը կը միտի իր Հինգշաբթի օրուայ ժողովին երկու շաբաթով երկարաձգել արգելափակումները:
Նշենք, որ Նախարարաց խորհուրդի նիստը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի առաւօտեան, որուն ընթացքին կրնայ վաւերացուիլ արգելափակումներու երկարաձգման նոր թուական ճշդել, որ կրնայ տեւել մինչեւ 7 Յունիս: