Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Գահավիժում

Ինչ որ ենք այսօր, երէկուան արդիւնքն է, ու երեկն ալ՝ իր երէկուան ու այդպէս մինչեւ արմատները, ծննդոցը մեր գոյութեան: «Փշրուեցինք աստղերի պէս ու ցրուեցինք աշխարհում» (Ս.Կ.): Ինչու՞. Կարելի՞ է եղելութիւն մը, դէպք մը, նոյնիսկ դիպուած ըսուածի չունենայ իր բացատրութիւնը. Բայց ո՞վ պիտի տայ այս ամէնուն առարկայական, ճշգրիտ ու ամբողջական պատասխանը. Ունի՞նք այսպէս կոչուած քննախուզական մէ՛կ կեդրոն՝ թէ ինչպէս տեղացիները կ՛ըսեն «Ամէն ոք իր խանութը բացած է»: Մեր պարագային՝ ամէն փշուր իրեն յատուկ լուծում, վերլուծում(ներ)ը ունի ու այդպէս կը թաւալին տարիները ու ինչպէս Ռ. Սեւակ կը գրէ «Խենթերու պէս կեցած տեղերնուս վրայ կը ցատկենք երկու հազար տարիէ ի վեր» (ԱՅԼԱՍԵՐՈՒՄ):

Մեր այսօրուան վիճակին պատճառների շատ են եւ խորը, սակայն արդեօ՞ք անլոյծ հարցի առջեւ  դէմ յանդիման կը գտնուինք: Պատճառները շատ են բայց լուծումը մէկ պէտք է ըլլայ եւ  այդ ալ՝հարազատ որդիի նման եւ ոչ թէ ներածուած այսինչ կամ այնինչ հոսանքներէ: Չենք կարողացած հոսանք մը հնարել կամ ստեղծել ուր կարելի  ըլլայ դէպքերը յօգուտ մեզի օգտագործել. Այլ՝ ընդհակառակը: Ալ ինչ կրնանք յուսալ եւ ասոր միակ պատճառը իբրեւ  թէ արտաքին ազդակներն են:Սորվելու կերպերէն մին ալ հետեւողութեամբ է:

Առնենք հրեաները երկու հազար տարի անհայրենիք (արդէն իսկ անհայրենիք են եղած օրէն ետք, թափառական ժողովուրդ) ըլլալէն ետք Պաղեստինը վերածեցին Իսրայէլի ու ռազմական, տնտեսական եւ այլ ամէն մարզի մէջ չեն զիջիր ոչ մէկ յառաջդիմած ու արդիական երկրէ: Լենինականի երկրաշարժէն ետք, ի՞նչ բան փոխուեցաւ. Քանի՞ բնակարան վերաշինուեցաւ ու ընտանիքներ իրենց տաքուկ «բոյնը» ունեցան: Անուանափոխութիւն եղաւ. Ի հարկէ Լենինականը վերածուեցաւ Կիւմ Այրիի. Ինչ հերոսութիւն. Մխիթարութեան շիւղ մը միայն. Որու՞ պէտք: Ասոնք մտորումներ են սին երազներէ.  «Անկախութիւն» բառով գինովցողներ ալ չեն պակսիր, որ արդիւնքն էր Խ. Միութեան ինքնալուծարման եւ ոչ թէ «հայ հանճարի» (Բռունցքներու):

«Սովետական բռնատիրութեան» ժամանակաշրջանի չորս միլիոնանոց Հայաստանը այսօր ունի շուրջ երկուքուկէս միլիոն բնակիչ, երեք նախագահներու իշխանութեան իբր արդիւնք: «Այս նոյն երեւանցին էր,որ ստեղծագործեց Մատենադարան, Բիւրական, Օփերա, Մեթրօ, Արփա-Սեւան, Աթոմակայան, Սարտարապատ, Ծիծեռնակաբերդ ու մտաւ Պերլին: Ո՞ւր է այդ հաւատքը: Ո՞ւր են այդ հոյակապ սերունդին յաջորդները, թէ անցողիկ երեւոյթ են այդ եօթանասուն տարիները: Ո՞ւր է հողին վրայ ապրող, ստեղծագործող ու հպարտութիւն ներշնչող չորս միլիոն հայութիւնը:»(Յ. Պոտրումեան): Երկու տարիէ ունինք Վարչապետ մը, դրական ու ժխտական, գլխապտոյտ պատճառող մեկնաբանութիւններով կ՛ողողուի դիմատետրը ու ինչու չէ նաեւ լրատուամիջոցներով՝ հրապարակը, ուր կը բացայայտուի մակարդակը մասնակիցներու եւ ինքնաբերաբար կը յիշես «Երկիրը երկիր է իր բնակիչներով» ասոյթը, որ ոչ միայն Հայաստանաբնակներուն կը վերաբերի այլ՝ «Երկրորդ հայրենիք»ի՝ ԼՈՍի մէջ  իրենց հանգրուանը գտածներու:

Ցաւը կայ ու կ՛ապրինք, եւ ոչ ոք ձեռնածալ չէ. Կը մնայ արդիւնքի մը սպասել. Աւարտը հակադրութիւններու: Բայց արդեօ՞ք գալու է այդ Օրը…

 

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

 Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին