Լիբանանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ հաստատեց, որ Լիբանանի տարածքին Քորոնա ժահրով վարակուածներու թիւը հասաւ 931-ի երբ 20 նոր վարակակիրներ գրանցուեցան երէկ, որոնցմէ 18-ն օտարերկրացի աշխատաւորներ էին:
Առողջապահութեան աշխատակիցներ երէկ 608 քննութիւններ կատարեցին տեղւոյն բնակչութեան մէջ ինչպէս նաեւ 337 քննութիւն արտերկրէն Լիբանան ժամանողներուն մէջ: Անոնց շարքին նոր վարակակիրներ չհաստատուեցան:






