Ամբողջական փակումի երկար շաբաթավերջէն ետք Լիբանան զգուշութեամբ դէպի բնականոն կեանքի առաջին քայլերը առաւ երէկ՝ Երկուշաբթի:
Արդարեւ, ճաշարաններ եւ սրճարաններ երէկ ունեցան իրենց յաճախորդները իսկ ճամբու եռուզեռը աշխուժացաւ:
Քայլ առ քայլ դէպի բնականոն կեանք ուղղուելու կառավարութեան ծրագիրը կը միտի արդէն իսկ անկեալ տնտեսութիւնը կարելի եղածին չափ շարժման մէջ դնելու: Նոյն ժամանակը նախազգուշութեան բոլոր միջոցները պահելով: Այս մասին խօսելով վարչապետ Տիապ յայտնեց, որ նման քայլ չի յաջողիր եթէ ժողովուրդը չհամագործակցի:






