Երեքշաբթի, 10. 03. 2026

spot_img

Նիքոլա Ազնաւուր Դիմած է ՀՀ Կառավարութեան «Զուարթնոց» Օդակայանը Շառլ Ազնաւուրի Պատուին Անուանակոչելու Առաջարկով

«Զուարթնոց» օդակայանը Շառլ Ազնաւուրի անուամբ անուանակոչելու առաջարկով ՀՀ կառավարութեան դիմած է Ազնաւուր հիմնադրամը եւ հայ մեծանուն գործիչին որդին` Նիքոլա Ազնաւուրը: Հիմնադրամը տեղեկացուցած է, որ նախաձեռնութեան հեղինակը Շառլ Ազնաւուրի համակիրներն են:

«2018-ի Հոկտեմբերին Շառլ Ազնաւուրի խումբ մը համակիրներ նախ սկսան առցանց ստորագրահաւաք, հաւաքելով տասնեակ հազարաւոր ստորագրութիւններ, ապա պաշտօնական նամակով դիմեցին Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէին եւ «Զուարթնոց» օդանաւակայանի տնօրինութեան: Մենք տեղեկացանք, որ պարոն Էռնեկեանը մեծ հաւանութեան արժանացուցած է գաղափարը ու պաշտօնական նամակով դիմած կառավարութեան` յայտնելով իր դրական վերաբերմունքը”,- նշուած է հիմնադրամին կողմէ ՀՀ վարչապետին ուղղուած դիմումին մէջ:

Այդ խնդրի առնչութեամբ դիրքորոշում յայտնելու համար ՀՀ կառավարութիւնը դիմած է ՀՀ Հանրային խորհուրդին:

«Նկատի ունենալով Արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ Հանրային խորհուրդը ու անոր համապատասխան յանձնաժողովներու կողմէ նիստեր հրաւիրելու դժուարութիւններն ու անհնարինութիւնը, հարկադրուած պիտի ըլլանք այս եւ միւս խնդիրներու քննարկումն ու եզրակացութիւններու հաստատումը կատարել ելեկտրոնային կամ հեռավար եղանակներով:

Հանրային խորհուրդի բոլոր անդամներուն ուղարկուած է ՀՀ կառավարութենէն ստացած փաթեթը, սակայն ոչ պակաս կարեւոր է նաեւ հանրութեան տեսակէտը գոնէ ընկերային ցանցերու օգնութեամբ, որուն նպատակով ալ կը տեղադրուի առաջարկը ՀԽ ֆէյսպուքեան էջին վրայ:

Ուրախ պիտի ըլլանք ձեր դիտարկումներն ու կարծիքներն ստանալ այս հարցի առնչութեամբ»,- Հանրային խորհուրդի ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է ՀԽ նախագահ Ստէոփա Սաֆարեանը:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին