Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Ճրագալոյցի Մոմերը…

Փողոցի փայտէ մեծ դռնէն ներս եւ եկեղեցիի սանդուխի աստիճաններէն անդին գացող, ճերմակ եւ կապոյտ շարուած քարերու տարածութիւնը, տօնական օրերու սովորութեան համաձայն առաջուընէ դեղին եւ բարակ աւազի հատիկներով ծածկուած էր:
Այն տարին, շաբթուան վեցերորդ օրը դարձեալ Սբ Ծննդեան նախօրեակն էր:
– Տղա՛ք,- ըսած էր պրն Լեւոն Սիրունեանը շաբաթ մը առաջ եկեղեցիին բանկալին առջեւ,- չմոռնա՛ք գալ շաբաթ օրը Ճրագալոյց է անպայման եկէ՛ք:
Ես այն տարին պզտիկ էի, դպրաց դասին դեռ մաս չէի կազմէր, բայց քրոջս քով կեցած՝ լսեցի պրն Լեւոնին ըսածը:
Պրն Լեւոն Սիրունեանը Սբ Աստուածածին եկեղեցիին դպրապետն էր: Սակայն մեծ չէր դպիրներուն թիւը եւ ամէն կիրակի օրերու երգեցողութիւններուն կանոնաւոր մասնակցողներն ալ, սովորաբար հազիւ վեց կամ եօթը հոգիներ կ’ըլլային :
Դասին մէջ եւ անոնց հետ, ինձմէ տարիքով մեծ քոյրս ալ կ’երգէր:
Դպիրները կիրակի օրուայ արարողութենէն յետոյ, տուն երթալէ առաջ բանկալի մէջտեղի քառանկիւն սեղանին շուրջ բարեկամաբար կը հաւաքուէին, պրն Լեւոնին եւ իրարու հետ հոսկէ հոնկէ բաւական կը խօսակցէին եւ երբեմն ալ երբ պէտք ըլլար, մաս ու նշխարք բաժնելու ժամանակ, եկեղեցիի հոգաբարձու պրն Պետրոսին կ’օգնէին, որ իր թաւ ձայնով եւ «Շէն մանք, պայծառ մնաք»ի կանչերով, եկեղեցիէն ուշ դուրս ելլողներէն դեռ կը փորձէր «աղքատներու պնակին» համար նուիրատուութիւն հաւաքել:
Դպիրներուն այս հաճելի սովորութիւնը ամէն կիրակի կը կրկնուէր:
Ճրագալոյցէն երկու կամ երեք օր առաջ, դպրոցէն վերադարձած ժամուս,
– Կ’ուզե՞ս շաբաթ օրը հետս եկեղեցի գալ,- հարցուց քոյրս:
Ես պզտիկ տարիքիս շատ եկեղեցի երթալ սիրողներէն չէի, որովհետեւ շուտ կը ձանձրանայի ժամեր տեւող պատարագի մեր արարողութիւններէն :
– Եկեղեցի՞ … եկեղեցի գամ ի՞նչ ընեմ,- պատասխանեցի
– Չե՞ս յիշեր Ճրագալոյց է …
Անմիջապէս պրն Լեւոնին շաբաթ մը առաջուայ ըսածը յիշեցի, բայց շիտակը, այն օրը շատ նպատակ չունէի եկեղեցի երթալու: Կը նախընտրէի օրս խաղալով անցնել, որովհետեւ շաբաթ օրերը դպրոցէս եւ դասերէս ազատ կ’ըլլայի:
– Եկո՛ւր,- պնդեց քոյրս,- եկեղեցիէն վառած մոմ կը բերենք մեր տունը:
– Վառած մո՞մ,-ես զարմացայ,- ի՞նչ պիտի ըլլայ վառած մոմը,-հարցուցի:
– Եթէ ինծի օգնես եւ յաջողինք եկեղեցիէն մոմ տուն բերել , Յիսուսը մեր տունը կու գայ…:
– Մե՞ր տունը…
– Այո մեր տունը:
– Ինչպէ՞ս պիտի գայ, քալելո՞վ,-հարցուցի
– Ո՛չ , մեր բերած լոյսով…
– Յետո՞յ…
– Յետոյ մենք տունը կ’աղօթենք եւ եթէ շատ աղօթենք, ան մեր ուզածը կու տայ:
Ես պզտիկ էի, բայց շատ չհամոզուեցայ: Չհաւատացի քրոջս ըսածին ու չհասկցայ մանաւանդ, թէ Յիսուսը ինչպէ՞ս վառած մոմի լոյսով մեր տունը պիտի գար…:
Բայց ես միտքիս մէջ երազներ ունէի: Անոնք տարիքիս համեմատ էին եւ ինծի համար կարեւոր էին : Անոնց մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէին դասերուս մէջ լաւ նիշեր ստանալս եւ շատ խաղալիքներ ունենալս : Ասկէ զատ կ’ուզէի շուտ մեծնալ ու բժիշկ կամ «մուհանտիս» դառնալ, որպէսզի շատ դրամ շահէի եւ հարստանայի…:
Բայց դժուար էր խաղի ազատ օրէս հրաժարիլ եւ կէս համոզուած ու կէս ալ չհամոզուած՝ դիմադրեցի եւ
– Հապա եթէ Յիսուսը մեր տունը չի գա՞յ ,- հարցուցի քրոջս:
– Չէ՛, կու գայ, եթէ հետս եկեղեցի գաս, ան ալ մեզի հետ տուն կու գայ ու լոյս կը բերէ, -պատասխանեց քոյրս եւ ձեռքով գլուխս շոյեց :
Ես անկէ յետոյ երկու երկար օրեր, Ճրագալոյցի օրուան սպասեցի, որպէսզի Յիսուսը գար եւ ուզածներս բերէր…:

*
* *

Սբ Ծննդեան նախընթաց երեկոյին, Պէյն էլ Սուրէյնի Սբ Աստուածածին եկեղեցիին զանգակները ջերմ կը ղօղանջէին եւ խորանին վրայ, Ճրագալոյցի յատուկ վերջին ընթերցուածէն անմիջապէս յետոյ, «Օրհնեայ Տէր»ով վարագոյրը արդէն բացուած եւ պատարագն ալ նոր սկսած էր:
Նաւուն մէջ տարեց կիներու քօղով ծածկուած գլուխներէն վեր, ջահերու պրիսմակներէն ցոլացող գոյնզգոյն երանգները եւ վառած մոմերու ու լապտերներու լոյսերը, եկեղեցիին փայտէ կամարաձեւ բարձր ձեղունը լուսաւորած էին:
Սբ Աստուածածին եկեղեցին հին էր, տարին քիչ անգամներ հազիւ կիսով չափ կը լեցուէր, բայց այն օրը հաւատացեալներուն թիւը եկեղեցիէն ներս սովորականէն աւելի էր:
Խորանին վրայ պատարագիչ քահանան կռնակը ժողովուրդին դարձուցած, Մարիամ Աստուածածինի պատկերին նայելով լուռ կ’աղօթէր:
Դուրսը, եկեղեցիին բաց պատուհաններէն երեւցող օրուան լոյսը, հետզհետէ կը թանցրանար ու կը հեռանար…:
Դասին մէջ դպիրներու երգեցողութեան ձայները, խառնուած խունկի տարածուած բոյրի եւ բուրվառներու պզտիկ բոժոժներու ձայներուն, եկեղեցիին մէջ հոգիներ պարուրող մթնոլորտ ստեղծած էին:
Ես կը սիրէի մեր Սբ Աստուածածին եկեղեցին, որ Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչին շքեղութիւնը չունէր, բայց իր կէս երեսի վրայ ձգուած ու հաւատացեալներու բազմութիւնէ ալ գրեթէ զուրկ վիճակին մէջ, դեռ ընտանեկան ջերմութիւն կը պահէր իր սրբատաշ պատերուն մէջ, եւ Պէյն էլ Սուրէյնի համեստ թաղի մեծ մայրիկներու աղօթքներն ալ, ամէն կիրակի իր գմբէթէն վեր երկինք կ’ուղարկէր անխաթար:
Ան կը տարբերէր ուրիշ եկեղեցիներէ եւ թերեւս ալ անցեալ կամ նախանցեալ դարերու մէջ շինուած ըլլալուն պատճառաւ, մուտքին աջ եւ ձախ կողմերը, աշխատուած երկաթէ վանդակորմով , նաւէն բաժնուած երկու գաւիթներ ունէր: Այդ բաժանումի ճիշտ սահմանին վրայ, երկու պզտիկ պահարաններու ապակիներու ետեւ, Սբ Մարիամ Աստուածածինին եւ ձիու վրայ հեծած ու վիշապասպան Սբ Գէորգին նկարները կային, որոնց առջեւի արծաթագոյն ափսէի աւազին մէջ խրուած մոմերուն լոյսերը, ձմեռուայ ցուրտ օրերուն , մուտքի դեղին եւ հաստ վարագոյրին ամէն բացուիլ- գոցուելուն միշտ կը պլպլային:
Ճիշտ չեմ յիշեր եւ վստահ ալ չեմ, բայց աղօտ ձեւով գիտեմ, որ այդ պահարաններէն մէկուն նկարին վարի կողմերը, մարդկային մարմինի զանազան մասերու, յատկապէս սրունքի, բազուկի, եւ ձեռքի կամ ալ աչքի, շատ նուրբ, եւ վարպետ արուեստագէտի ձեռքով շինուած արծաթէ պզտիկ զարդեղէններու նմանող աշխատանքներ կային: Այդ աշխատանքները մեր Սբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կամ ուրիշ եկեղեցիներուն մէջ ես չէի տեսած:
Պահարանին առջեւ ոտքի կեցած՝ ես ամէն անգամ յատուկ հիացումով կը դիտէի այդ փայլուն զարդեղէններուն մաքուր աշխատանքը, կը սիրէի մոմս միշտ այդ պահարանին առջեւի մոմերէն վառել, բայց կը զարմանայի եւ միշտ կ’ուզէի այդ գեղեցիկ զարդեղէններուն խորհրդաւոր իմաստին թափանցել ..:
– Տղա՛ս,- ըսաւ մայրս երբ օր մը իրեն հարցուցի,- ասոնք որոշ հաւատացեալներու մարմիններուն զանազան հիւանդ մասերն են, որոնց տէրերը Սբ Մարիամ Աստուածածինէն օգնութիւն խնդրելով, պահարանին մէջ զետեղել տուած են այդ զարդեղէնները:
Մօրս բացատրութիւնով հետաքրքրութիւնս մասամբ գոհացած էր: Բայց անմիջապէս յետոյ, ուրիշ պատասխանններու սպասող նոր հարցումներ ծագած էին մտքիս մէջ:
– Որո՞նք էին այդ հաւատացեալները, մենք ծանօթներ ունէի՞նք անոնց մէջ…իսկ արծաթէ զարդեղէններն ալ անոնց իսկապէս օգնա՞ծ էին բժշկուելու …
Մայրս այն օրը չկրցաւ, կամ չուզեց այս հարցումներուս երկար պատասխան տալ եւ միայն կարճ՝
– Հաւատք է մանչս, բժշկուելու համար կարեւոր է հաւատալը,- ըսաւ: Յետոյ նկարին առջեւ երեսը խաչակնգեց եւ զիս գրկեց , որպէսզի Սուրբի նկարին հասնիմ եւ իր մոմին քով ես ալ իմս վառեմ:

*
* *

Պատարագիչը մէկ ձեռքին Սբ Գիրքը բռնած, միւսով աշխատուած լաթով խաչ բռնած, օդին մէջ խաչ գծեց եւ «Երթայցէք խաղաղութեամբ» ըսաւ :
Եկեղեցիին մէջ Ճրագալոյցի պատարագը այն օրը վերջացած էր:
Նիհար, մինչեւ բերանը իջած թաւ եւ ճերմակ պեխերով ու ճեփ ճերմակ մազերով ժամկոչ Պետրոսը , գաւիթին մէջ շուրջը խռնուած բազմութեան «հաւատքի մոմ» կ’ըսէր եւ քանի մը օգնականներով, հաւատացեալներուն տուն տանելու վառած մոմ կու տար:
– Հիմա հո՛ս է կարեւորը,- ըսաւ քոյրս,- այս մոմը առանց մարելու պէտք է մինչեւ մեր տունը հասցնենք:
Ես մոմին շուրջ, ձեռքիս մատներով հովին դէմ պատնէշ ըրած, եկեղեցիէն փողոց գացող սանդուխներէն վար իջայ: Քոյրս ետեւէս կու գար:
Փողոցի փայտէ դրան առջեւ, նոյն փողոցին վրայ բնակողներ կամ ալ նոյն ուղղութեամբ գացողներ, վայրկեան մը հաւաքուեցան, ու յետոյ ուխտագնացութեան գացող խումբի պէս, բոլորը միասին դուրս ելան եւ ձեռքերնին մէյ մէկ մոմ բռնած, նեղ փողոցին մէջ միասին քալեցին: Տեսարանը գեղեցիկ էր եւ փողոցի կիսախաւար մասերուն մէջ, երկյարկանի շէնքերու աճապարանքով եւ երբեմն ալ աղմուկով բացուող պատուհաններէ դիտողներուն համար, խումբէն զատուածներու հոս ու հոն պլպլացող մոմերը, լոյսի քալող բիծերու կը նմանէին վերէն:
Մոմերու լոյսերը հանդարտ կ’անցնէին փողոցէն եւ խորհրդաւոր ակնածանք կը տարածէին իրենց շուրջ:
Պէյն էլ Սուրէյնը այն օրերուն դեռ հայաշատ թաղ կը սեպուէր եւ ես եկեղեցիի փողոցին ու անոր անմիջական շուրջերը բնակող ընտանիքներուն մէջ, դպրոցական շատ դասընկերներ ունէի :
Այն օրը «Ուխտաւորներու» սեւ հագուած մամիկներու խումբը, աջ-ձախ օրօրուելով եւ քայլերն ալ մէկիկ մէկիկ համրելով, կը շարունակէր յառաջանալ փողոցին մէջ:
Յանկարծ խումբին մէջ ձայն մը լսուեցաւ եւ նիհար մայրիկ մը, « Այսօր տօն է Սբ Ծննդեան, Աւետի՜ս, Աւետի՜ ս »… սկսաւ երգել:
Ան քալած ժամանակ դանդաղ կ’երգէր եւ իր բարակ ձայնը հեռուէն կը լսուէր:
Մենք անցանք եկեղեցիին զուգահեռ փողոցը, եւ թրամվայներու գիծէն անդին մինչեւ «Frères»ներու դպրոցին առջեւ հասնիլը, մեր երկուքին մոմերը դեռ վառած էին:
– Էհ, ալ ասկէ անդին շատ ճամբայ չմնաց, դիւրին է,- խորհեցայ ինքնիրենս եւ պահ մը յաջողած ըլլալու յոյսով ուրախացայ:
Քոյրս երկու քայլ ետեւէս կու գար եւ պահակի պէս կը հսկէր վրաս:
Սակայն երբ Շարաա Ֆարուքի անկիւնադարձին մեր տան Խալիկ էլ Մասրիի փողոցը մտանք, յանկարծ թրամվայ մը գիծերուն վրայէն վազելով եկաւ ու ետեւէն, մեր կողմը գետինը աւլող հով բարձրացուց : Մոմին բոցը ափիս մէջ հովէն դողաց, յետոյ կապոյտցաւ, աջ կողմը երկնցաւ, հեռացաւ եւ փորձեց պատրոյգէն զատուիլ : Մոմը կարծես զգալով բաժանման ցաւը, տաք արցունք մը գլտորեց վար, որ իջաւ բայց կէս ճամբան չհասած՝ կողին վրայ սառած մնաց : Բոցը յետոյ վայրկեան մըն ալ փորձեց բռնուած ոտքը պատրոյգէն ազատել, անգամ մըն ալ աջ կողմը երկնցաւ, տատանելով գնաց- եկաւ, եւ յանկարծ վերջին ըրած փորձին մէջ յաջողեցաւ եւ «Փը՛ֆթ» ըրաւ ու մարեցաւ:
Մեր տունը հասնելու շատ քիչ ճամբայ մնացած էր:
Ես անմիջապէս «Յիսուսը այլեւս մեր տունը պիտի չգայ » խորհեցայ եւ սկսայ յուսահատօրէն լալ:
Քոյրս ետեւէս մէկ ոստումով քովս հասաւ եւ տեսաւ մոմիս գլխուն մինակ մնացած պատրոյգի սեւ թելը: Ձեռքին մէջ իր մոմը դեռ վառած էր:
Ան չորցուց աչքերս եւ
– Մի՛ լար,- ըսաւ ,-տես ես քեզի մոմիս լոյսէն կու տամ…
– Բայց մոմիդ լոյսով ես չեմ կրնար դասերուս լաւ նիշեր ստանալ,- ըսի,- ան իմս չէ, քուկդ է …
– Իմս է բայց քուկդ ալ է,- պատասխանեց քոյրս եւ շարունակեց արցունքներս չորցնել:
Բայց ես կասկածոտ՝
– Ինչպէ՞ս մոմդ իմս եւ քուկդ կ’ըլլայ,- հարցուցի
– Չե՞ս գիտեր, մեր երկուքին մոմերն ալ քիչ առաջ նոյն եկեղեցիին լոյսէն չվառեցի՞նք …
Յիշեցի, քոյրս իրաւունք ունէր եւ ճիշտ էր ըսածը խորհեցայ:
Բայց եւ այնպէս դեռ կասկածոտ՝
– Յիսուսը գիտէ՞ ատիկա,- հարցուցի
– Անշուշտ թէ գիտէ,- պատասխանեց քոյրս եւ առանց սպասելու, ծռեցաւ ու ձեռքի մոմը պատրոյգիս սեւ թելին դպցուց : Մոմս վայրկենաբար առողջ լոյսով բոցավառեցաւ:
Ի տես դեղին եւ խաղաղ բոցավառող լոյսին ես հանդարտեցայ եւ այնպէս զգացի թէ ամէն ինչ առաջուայ ձեւով վերահաստատուած էր:
Ես գոհ էի: Ճամբան, լուսաւոր մոմը ձեռքս բռնած, աղօթքիս մէջ խնդրելիքներս ամէն քայլափոխի կարգի դրի եւ քալեցի: Սակայն երբ մեր տան շէնքի դրան առջեւ հասանք, յանկարծ նշմարեցի, որ այդ ցանկը միտքիս մէջ անբացատրելիօրէն աւելցած էր:
-Յիսուսը ի՞նչ պիտի ընէ հիմա , պիտի տա՞յ բոլոր ուզածներս,-խորհեցայ եւ վայրկեան մը կասկածեցայ…
Հետս բերած մոմս ափիս մէջ դեռ կ’ապրէր, հովուն դէմ երբեմն բաց թեւերուվ թիթեռնիկի պէս կը թրթռար, եւ պատնէշ դարձուցած մատներուս դէմ ալ, դեղին լոյսով ուրախութիւն կը փոխանցէր:
Ես այդ պզտիկ լոյսը եկեղեցիէն մինչեւ մեր տունը բերած ըլլալուս համար գոհ, ափիս մէջ յանկարծ ջերմ հանդարտութիւն զգացի, եւ երկար ու նոր ցանկը միտքիս մէջ կրկնելով, քրոջս հետ առաջին յարկի սանդուխներէն ուրախ տուն բարձրացայ:

Քամփինաս, Պրազիլ

ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին