Երեքշաբթի, 10. 03. 2026

spot_img

ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբը Բժշկական Պարագաներ Փոխանցած է Հալէպի Հիւանդանոցներուն

Հայաստանի Մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող բժշկական խումբը Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցութեամբ կը շարունակէ Հալէպի զինուորական հիւանդանոցին եւ այլ բժշկական հաստատութիւններուն փոխանցել բժշկական եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներ:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն» ՊՈԱԿ-էն, բժշկական կեդրոններու ղեկավարները հայ մասնագէտներուն յայտնած են իրենց երախտագիտութիւնը` տրամադրուած անհրաժեշտ պարագաներու եւ բժշկական հաստատութիւններու մէջ ամէն օր ցուցաբերուող օժանդակութեան համար:

Հալէպի զինուորական հիւանդանոցի պետ, զօրավար Ֆայէզ Այուպին բարձր գնահատած է հայ եւ սուրիացի բժիշկներու համատեղ ջանքերը, աշխատանքի հանդէպ անմնացորդ նուիրումը եւ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի մարդասիրական խումբին` մշտական աջակցութեան համար:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին