Երեքշաբթի, 10. 03. 2026

spot_img

Հայաստանի Մէջ Հանրակառքերու Արտադրութիւն Պիտի Հիմնուի. Կ՝ակնկալուի Հայ-Քորէական Համատեղ Ներդրումային Ծրագիր

Հայաստանի մէջ պիտի հիմնուի Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկայի սպառման համար նախատեսուած հանրակառքերու արտադրութիւն՝ քորէական «Եանկսան» (Youngsan) ընկերութեան եւ Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտի համատեղ ծրագրի ծիրէն ներս: Ներդրումային նոր ծրագրի արժէքը կը գնահատուի 4.4 միլիոն տոլար: Այս մասին, Armenpress.am-ը զրուցած է Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտի գլխաւոր տնօրէն Դաւիթ Փափազեանի հետ:

«Հանրակառքերը նախատեսուած պիտի ըլլան Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկային համար: Հայաստանը կը դառնայ յարմարաւէտ երկիր միջազգային ձեռնարկութիւններուն համար»,- ըսած է Փափազեան:
Քորէական ընկերութեան կողմէն նախաձեռնութիւնը եղած է դեռ նախորդ տարի: Ընկերութեան ներկայացուցիչները կապ հաստատած են ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան հետ: 

«Նախորդ տարի ընկերութեան կողմէ աշխատանքներ տարուած են ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան եւ Ներդրումներու աջակցման կեդրոնին հետ: Որոշում կայացուած է  ծրագրի յետագայ ընթացքը ապահովել Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտին հետ համագործակցութեամբ»,- յայտնած է նախարարի մամուլի խօսնակ Աննա Օհանեան:

Ըստ Փափազեանի՝ «Youngsan»-ը բաւական մեծ ձեռնարկութիւն է։ Հայաստանի մէջ արտադրուող հանրակառքերուն վերաբերեալ դեռ պէտք է յստակեցումներ կատարուին: Պիտի արտադրուին, հաւանաբար, 3 տեսակի հանրակառքեր, դրանց երկարութիւնը պիտի հասնի մինչեւ 10 մեթրի:
Ֆոնտի տնօրէնին խօսքով՝ առ այժմ հումքը պիտի բերուի դուրսէն, սակայն, նպատակ կայ ժամանակի ընթացքին հումքը նոյնպէս արտադրուի Հայաստանի մէջ։

Ձեռնարկութիւնը կը նախատեսուի գործարկել այս տարի: Գործարանի յստակ վայրը դեռ չեն որոշած, կը քննարկուի 3 տարբերակ, պիտի յստակացնեն արտերկրի գործընկերներու հետ։  

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին