Երեքշաբթի, 10. 06. 2025

spot_img

Փոխան Ծաղկեպսակի Տիկին Վեհանի Յիշատակին

Չեմ գիտեր եթէ կայ տեսութիւն մը մարդոց անուններուն եւ անոնց նկարագիրին միջեւ առնչութիւններ գտնող կամ յօրինող: Յամենայնդէպս տիկին Վեհան իսկական վեհութիւն մը ունէր: Մանկավարժութեան աւանդական դպրոցի այն ուսուցչուհիներէն էր, որ կրթական ասպարէզին ներգրաւումը ամբողջովին կոչում կը համարէր եւ այդ կոչումը կ’ապրեցնէր իր անձին օրինակով: Կը փորձուիմ բնութագրել զինք «կոչումնաւոր» եւ «հայերէնապաշտ» բառերով:

Տիկին Վեհանին հետ պաշտօնակից էինք Հայ Աւետարանական Գոլէճէն ներս 1996-էն 2006:

Ուսուցչութիւնը տիկին Պետիրեանին համար ամէն ինչ էր: Իր երթը կը սկսի վաթսունականներէն՝ Դարուհի Յակոբեանէն մինչեւ Ե. Տէմիրճեան եւ ՀԱԳ: Ան ուսուցչուհի էր դասարանին մէջ եւ դասարանէն դուրս: Հայերէնի հանդէպ իր անսահման սէրը թոյլ կու տար որ չվարանէր սրբագրելու նոյնիսկ պաշտօնակիցներուն հայերէն խօսքի սխալները, որքա՜ն խանդավառութեամբ կը բաժնեկցէր իր կարդացած մէկ յօդուածը կամ դիտած մէկ հաղորդումը: Ինք անկարելին կ’ընէր հայերէնի հանդէպ իր գերագոյն սէրն ու պաշտամունքը աւանդելու աշակերտներուն: Չյանգող հրաբուխ մըն էր ան. նոյնիսկ եթէ դասարանէն դուրս ելլէր պարտասած, յաջորդ օրը նոյն եռանդով կը մտնէր դասարան ու կը վերսկսէր պայքարը յանուն մայրենիի: Գրական գիտելիքը իր տեղին, քերականական օրէնքները իրենց տեղին, սակայն իր առաջնահերթութիւնը մայրենիին հանդէպ յարգալիր վերաբերմունք եւ սէր սերմանելն էր պատանիներու հոգիներուն մէջ. ինք կը հաւատար, որ եթէ պատանին յարգանք տածէ մայրենիին հանդէպ եւ սիրէ զայն, ապա չի կրնար չսորվիլ իր լեզուն, գրականութիւնը, պատմութիւնը: Սա իր տեսութիւնն էր, որ ոչ թէ բառերով էր ձեւակերպուած, այլ սեփական կեանքի օրինակով, անմնացորդ նուիրումով: Այդպէ՛ս ճանչցայ ու այդպէ՛ս պիտի յիշեմ զինք:

Խունկ ու աղօթք իր անմար յիշատակին:

ԱՐՄԷՆ ԻՒՐՆԷՇԼԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին