Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

189 Նոր Գրանցումներ․ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Ընդհանուր Թիւը Հասաւ Թիւը Հասաւ 4472-ի

Հայաստանի մէջ, 17 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 4472 դէպք, որոնցմէ 1925-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 2463 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 40 230 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 189 նոր դէպք եւ 134 առողջացած։

Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 60 (աւելցած է եւս 5-ով) դէպք:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդները եղած են 51 տարեկան տղամարդ, 78 տարեկան տղամարդ, 89 տարեկան կին, 80 տարեկան կին եւ 79 տարեկան տղամարդ, եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին