Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Փոխան Դամբանականի. Արդար Մըն Ալ Շիջեցաւ

Իւրաքանչիւր «իշխանութիւն» իր կազմին մէջ երբեմն կ՛ունենայ անձ մը, որ իր բարեհամբոյր ներկայութեամբ տուեալ «իշխանութեան» «մռայլ» պատկերը կը պայծառացնէ: Նման անձի մը գոյութիւնը բախտաւորութիւն է, թէ «իշխանութեան» եւ թէ «հասարակութեան» համար, որովհետեւ առանց անոր գոյութեան դժուար կ՛ըլլայ «իշխելը» կամ «իշխուիլը»:

Տիկին Շողիկ Տօնապետեան-Աւետիքեան վերոյիշեալ կերպարն էր, որ կը ներկայացնէր, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին որպէս հետեւանք ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան եւ Դարուհի Յակոբեան վարժարաններու ՀԲԸՄ Լ. Կ. Նազարեան վարժարանի հիւրընկալ յարկին տակ գործունէութեան տարիներուն:

Հակառակ իր զբաղեցուցած պաշտօնին, ոչ այնքան «կարեւոր» հանգամանքին (ան այդ օրերու աշակերտներուս համար անկարեւոր համարուած Ֆրանսերէն լեզուի դասատու էր ինչպէս նաեւ հերթապահի օգնական) իր անձը աւելի քան յարգուած եւ սիրուած անձնաւորութիւն էր աշակերտներուս համար: Տնօրէութեան (իշխանութեան) դէմ յաւիտենականապէս վատ տրամադրուած աշակերտութիւնը հանգստացնող կերպարն էր ան: Տարիքի բերմամբ ըմբոստացած պատանիներուն եւ բնութեան օրէնքով պարբերաբար ջղագրգիռ պարմանուհիներուն հանդարտեցնող բալասանն էր ան:

Աշակերտութեան «գանգատի նամակներու սնտուկ»ն էր տիկին Շողիկը: Աշակերտներ իրեն կը խոստովանէին ըսուելիքն ու չըսուելիքը: Հոգեկան վիրաւորանք ստացած պարմանուհին իր մայրական գիրկին մէջ է, որ կու լար եւ իր խրատներով սփոփանք կը գտնէր: Մշտական երէց  ընկերն էր ան ամէն օր իր ընկերներուն հետ կռուող «խենթ ու խելառ» պատանիներուս:

Ի պաշտօնէ գրաւոր քննութիւններ հսկելու  պահուն եթէ տեսնէր աշակերտ մը, որ բառի մը վրայ կախուած քննութիւնը առկախած էր կամ թուաբանական ձեւաչափ մը մոռցած չէր կրնար քննութիւնը շարունակել, ան հակառակ կարգ մը ուրիշ հսկիչներու «սատիստական» վերաբերմունքին, իր մայրական հոգատարութեամբ օգնութեան կը հասնէր դժուարութեան մատնուած աշակերտին:

Երկար է շարքը տիկին Շողիկին ազնիւ եւ մարդկային վերաբերմունքին, որ վստահ եմ խորապէս տպաւորած է բոլոր այն աշակերտները, որոնք բախտը ունեցած են իրեն աշակերտելու:

Տասնեակ տարիներ ետք, երէկ Պոսթոնի մէջ իր մահուան գոյժը կարդացի իր նոյնքան բարեհամբոյր եղբօր՝ Տոքթ. Վահրամ Տօնապետեանին (երկուքն ալ զաւակները Յովակիմեան-Մանուկեան Վարժարանի  տարիներու վաստակաշատ դաստիարակ՝ Խաչատուր Տօնապետեանին) Ֆէյսպուքի էջին վրայ:

Հաւատացեալ մը չեմ բառին ժողովրդական հասկացողութեամբ, սակայն ես վստահ եմ որ տիկին Շողիկը նախախնամութեան կարգած երկրային «հրեշտակն» էր մեր դպրոցին մէջ: Անոր ներկայութիւնը աւելի քան  կենսական էր  դպրոցական տղոց եւ աղջիկներուն փոթորկայոյզ տարիներուն համար: Ան Լիբանանի պատերազմական տարիներու ամենաթէժ օրերուն, իր ձեւով մեզ ընկերակցեցաւ բոլորս կերպով մը ապահով ու անվնաս նաւահանգիստ հասցնելով:

Իմ եւ սերնդակիցներուս անունով թող այս գրութիւնը փունջ մը ծաղիկ ըլլայ իր ազնիւ յիշատակին:

Արդար էր տիկին Շողիկը: Ան գնաց միանալու իր նման միւս արդարներուն՝ երկնային հրեշտակներու հոյլին:

Սեւակ Յակոբեան

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին