Երեքշաբթի, 10. 06. 2025

spot_img

Համացանցի Վրայ

ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան եւ Դարուհի Յակոբեան Վարժարաններու վաստակաշատ ուսուցչուհի՝ Օրդ. Յասմիկ Քիւրտեան իր ֆէյսպուքի էջին վրայ գրած է.

Բաւական անհանդարտ քունէ մը ետք, առտու կանուխ արթնցայ ցնցիչ լուր մը կարդալու։ Երեք օր առաջ կարդացած էի նախկին պաշտօնակցուհիիս՝ Վեհան Պետիրեանի մահուան լուրը, որ անակնկալ ու ցնցող էր ինծի համար։ Իսկ այսօր՝ Զարթօնքի մէջ լոյս տեսած գոյժը ուրիշ պաշտօնակցուհիի մը.. Շողիկ Աւետիքեան։
Անմիջապէս փոխադրուեցայ Դարուհիի բաժինի մեր ուսուցչարանը։ Երկար սեղանի մը երկու ծայրերը կը նստէինք։ Երբ երկուքս ալ դասապահ չէինք ունենար ու սենեակը լուռ էր, ընդհանրապէս սրբագրութեամբ կը զբաղէինք եւ շատ քիչ ընդհատումներով նիւթի մը մասին կը խօսէինք, լուրջ կամ թեթեւ։ Բայց ամենէն աւելի մեր լուռ զիրար հասկնալն էր երբ մեր նայուածքները կը հանդիպէին…

Հոգիդ լոյսերու մէջ մնայ, սիրելի Շողիկ…

Սիրելի Յակոբ ու հարազատներ, իմ խորազգաց ցաւակցութիւնները բոլորիդ։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին