Թուրքիոյ նախագահ Էրտոկանի անյագուրդ փառասիրութիւններէն խոշորագոյնը Եւրոպական Միութեան (Ե.Մ.) լիակատար անդամակցութիւնը ապահով էր:
Սակայն սոսկ ցնորք է պատկերացնել թէ Թուրքիան յիրաւի կրնար մաս կազմել Ե.Մ.: Եւրոպայի մէջ Իսլամ բնակչութեան թիւը արդէն 30 միլիոնի շուրջ է: Թուրքիոյ բնակչութեանը՝ 83 միլիոն: Թուաբանութիւնը պարզ է եւ խօսուն: Տասնամեակներէ ի վեր Թուրքիոյ հետ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւնները Անգարայի թեկնածութեան շուրջ մնացին միշտ սնամէջ: Հաւանաբար Եւրոպացի քաղաքագէտները կը յուսային միամտօրէն Թուրքիան «քաղաքակրթել» եւ Թուրքիոյ մարդկային իրաւունքներու եւ մամլոյ ազատութեան մակարդակը, այլ ընկերային քաղաքական կնճռոտ հարցերու առընթեր, մօտեցնել Եւրոպական մակարդակին չափանիշին:
Հակառակ Թուրքիոյ տնտեսական երկնակամարին վրայ հաւաքուող մութ ամպերուն, Անգարան անյոյս կերպով կը փորձէ Միջին Արեւելքի մէջ շրջանային ուժի տիրական դերը կապկել, հետեւելով Ռուսիոյ օրինակին:
Լիպիոյ մէջ թրքական զինեալ ուժերուն բացայայտ եւ աշխուժ մասնակցութիւնը իսլամական ճնշումի ենթակայ Թրիփոլիի իշխանութեան կողքին, գործնականօրէն ձախողցուցած է Լիպիական Արաբական Բանակին յառաջխաղացքը՝ գրաւելու մայրաքաղաքը: Անցեալ տարուան Ապրիլ ամսուն Լ.Ա.Բ.ի Զօրավար Խալիֆա Հաֆթար մեծ ինքնավստահութեամբ եւ աննախընթաց սլացքով երկրի արեւելքէն (իր բանակին ընդհանուր հրամանատարութեան կեդրոնը) սոսկ քանի մը ամսուան ընթացքին ազատագրեց մեծ եւ փոքր քաղաքներ: Մայրաքաղաք Թրիփոլիի Հարաւային արուարձաններուն մէջ Զօր. Հաֆթարի ուժերը այժմ իրենց դիրքերուն մէջ սառած՝ սպասողական վիճակի մէջ են խուսափելով թրքական ուժերուն հետ հաւանաբար բախումներէ: Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան Ապահովութեան խորհուրդը, ինչպէս նաեւ Ե.Մ.ը արգիլած են զէնք եւ զինամթերքի մուտքը Լիպիա, սակայն Թուրքիան ցարդ անտեսած է միջազգային այս երկու մարմիններուն որդեգրած որոշումները:
Թրքական խորհրդարանէն ներս մէկէ աւելի առիթներով թրքական բանակին միջամտութիւնը Լիպիոյ ներքին հարցերուն մէջ թիրախ դարձաւ սուր քննադատութիւններու: Աւելին, ամէն անգամ երբ թուրք զինուորական մասնագէտներ իրենց կեանքը կը կորսնցնեն, այս քննադատութիւնները կը զգենուն աւելի կատաղի բնոյթ:
Հակառակ թուրք նախագահին առջեւ ծառայող բազմապիսի խնդիրներու՝ տնտեսական տագնապը առաջին կարգին, Էրտօկան գէթ առժամաբար կրնայ յաղթանակ յայտարարել Լիպիոյ մէջ, յաջողած ըլլալով Թրիփոլիի իշխանութեան հովանոցին ներքեւ գործող՝ զիրար չսիրող եւ իրարու չվստահող գումարտակները զօրաշարժի ենթարկել: Թուրք զինուորական խորհրդականներու առաջնորդութեամբ՝ ծայրայեղ իսլամիստներէ եւ ծայրայեղ պատեհապաշտներէ բաղկացած այս գումարտակներ ցարդ արգելք հանդիսացած են Թրիփոլիի անկումին: Թուրքիոյ զինուորական ծանր կազմածներու փոխանցումը եւ թրքական տրոններու յաջող գործածութիւնը մեծապէս սատարեց ժամանակաւոր այս յաջողութեան:
Լիպիացի բարձրաստիճան դիւանագէտ բարեկամ մը, զայրոյթով կ’արտայայտուի իր երկրէն ներս Թուրքիոյ զինուորական միջամտութեան մասին: Իր եւ մեծ թիւով լիպիացիներու դժգոհութիւնը կը կեդրոնանայ այն ցաւալի իրողութեան, թէ թուրքիոյ զինուորական հետզհետէ ծաւալող ներկայութիւնը փաստօրէն կը ծառայէ իսլամ համախմբումներու զօրացման: Բնականաբար Թուրքիոյ կարողութենէն վեր է նման նախաձեռնութեան մը ֆինանսաւորել: Սակայն ողջ ըլլան Լիպիոյ փեթրոտոլարները:
Դիւանագէտ բարեկամս ակնյայտ վրդովումով բացատրեց հետեւեալ երեւոյթը. «Աչքէ անցուր արաբական երկիրներու ազգային դրօշակները: Այն արաբական երկրի դրօշին վրայ ուր մահիկ գոյութիւն ունի, Թուրքիան հետամուտ է այդ երկիրը ազդեցութեան իր ծիրէն ներս առնել»: Սկսինք Ալճերիայէն եւ Թունուզէն. Երկու սահմանակից երկիրներ Լիպիոյ: Տեղին է աւելցնել թէ Քատտաֆիի անկումէն ետք, Լիպիան որդեգրեց Սանուսիի թագաւորութեան շրջանի դրօշակը՝ ուր կը ծածանի մահիկը:
Միջազգային թատերաբեմին վրայ Էրտօկանին կը պակսի վարկ եւ վստահութիւն:
«Էրտօկան բռնապետ եւ իսլամիստ մըն է», կը գրէ Washington Examiner Մայիս 9-ի թիւին մէջ, աւելցնելով թէ ան կը ձգտի իր ձեռքին մէջ պահել, մէկտեղել վիթխարի հարստութեան իր անձին, ընտանեկան պարագաներուն եւ կարգ մը վստահելի գործընկերներուն համար: Միացեալ նահանգներու մայրաքաղաքին մէջ հրատարակուող աջակողմեան պահպանողական այս օրաթերթը թուրք նախագահին ընթացքը կ’որակէ «աններելի», քննադատելով Էրտօկանի նեցուկը Տաէշի եւ անոր արբանեակ կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ Քիւրտերու դէմ կիրարկուող ցեղային մաքրագործումներուն: Վերջապէս թերթը բուռն կերպով կը յարձակի Անգարայի իշխանութեան վրայ, որ վերջին շրջանին շահագործելով Քորոնա ժահրի պատճառաւ ստեղծուած խառնաշփոթ կացութիւնը, շղթայազերծած է Սուրիա – Իրաք սահմանին վրայ գտնուող քրտական գիւղերուն դէմ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններ:
Աշխարհ ականատես եղած է Թուրքիոյ կատարած թալանին՝ յատկապէս Հալէպի ճարտարապետական մարզէն ներս: Ամենէն տխեղծ երեւոյթը – Թուրքիա հարիւրաւոր գործարաններ տեղափոխեց իր սահմանէն ներս, երբ Հալէպին մէկ մասը ծայրայեղ իսլամներու բռնակալութեան ենթակայ էր եւ ինչ հեգնանք այս գործարաններուն մէջ աշխատցուց պատանի որբացած սուրիացիներ:
Աշխարհ նաեւ անգիտացաւ երբ թուրք իշխանութիւնները թոյլատրեցին զանգուածային քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք ղրկել Սուրիա:
Աշխարհ նաեւ անգիտակից ձեւացուց ինքզինք, երբ Եւրոպայէն, կովկասեան շրջաններէն, Չինաստանէն, Ամերիկայէն եւ յատկապէս Թունուզէն եւ Լիպիայէն, մոլեռանդ իսլամիստներ ազատ անցք ունեցան Թուրքիայէն դէպի Սուրիա:
2014-էն մինչեւ 2017-ի կիսուն, Արեւմտեան հաւաստի աղբիւրներու համաձայն 40 հազար մոլեռանդ իսլամամիստ ահաբեկիչներ անկաշկանդ անցան Սուրիոյ թրքական հողատարածքէն գալով յաճախ աջակցութեամբը թուրք իշխանութիւններու:
Անհրաժեշտ է յիշել ցերեկ աչքով կողոպուտը Կիպրոսի բնական հարստութեանց եւ քօղարկուած գործակցութիւն՝ Պարսկաստանի հետ: Տնտեսական սեղմումներէն որոշ չափով ձերբազատելու Թեհրանի իշխանութիւնները:
Թուրքիան Եւրոպական Միութենէն յայտնապէս կաշառք ստացաւ վեց միլիառ եւրօ, կասեցնելու համար Ասիայէն, Պարսկաստանէն, Ափրիկէէն եւ արաբական երկիրներէ այսպէս կոչուած քաղաքական գաղթականներուն Եւրոպա արշաւանքը: Անգարան ինքն էր գլխաւոր հրահրողը այս ապօրինի շարժումին:
Թուրքիոյ գլխաւոր դժուարութիւնը արտաքին քաղաքական ոլորտէն ներս, Ուաշինկթընի հետ անզիջող անհասկացողութիւնն էր S-400 (u-400) հակաօդային ռազմական սարքաւորումներու շուրջ: Երկու տարիներ առաջ մեծ հանդիսութեամբ նախագահներ Էրտօկան եւ Փութին ստորագրեցին մանրամասն համաձայնութիւն մը, երեքուկէս միլիառ արժողութեամբ, ըստ որուն Մոսկուան պիտի հայթայթէ, մարզէ եւ տեղադրէ գերարդիական այս կազմածները: Յիշենք թէ Թուրքիան անդամ է ՆԱԹՕ-ին եւ Ռուսիան կը նկատուի ոչ բարեկամ սահմանակից երկիր, ՆԱԹՕ-ի մաս կազմող եւրոպական երկիրներու:
Պետական պաշտօնատունն ու Փենթակոնը կատաղօրէն կ’ընդիմանան այս ծրագրին: Գոնկրէսը կ’ուսումնասիրէ պատժամիջոցներ բանաձեւել Թուրքիոյ դէմ եւ նախագահ Թրամփ իր հրապարակային ելոյթներուն մէջ քանիցս խոստացաւ տնտեսական պատժամիջոցներ որդեգրել եւ ռազմական համագործակցութիւնը մեղմացնել Անգարայի հետ: Ցարդ ԱՄՆ ո’չ մէկ միջոցառում որդեգրած է մինչ Ռուսիան շուրջ հարիւր զինուորական մասնագէտներով կը սարքէ այս արդիական հակաօդային կազմածները թրքական հողամասին վրայ, ոչ շատ հեռու ՆԱԹՕ-ի պատկանող ռազմախարիսխներէն, մայրաքաղաք Անգարայի մերձակայքը:
Ապիկար անճարակութեամբ, օգտագործելով Քորոնա ժահրի իրավիճակը, Թուրքիան նախաձեռնած է բժշկական զգեստներ եւ դիմակներ հայթայթել զանազան երկիրներու՝ երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու աժան եւ անհեթեթ ակնկալութեամբ:
Թուրք նախագահը երկու տասնամեակներէ աւելի տիրապետած է իր երկրին քաղաքական կեանքը: Իր միահեծան իշխանութիւնը անմրցելի է: Հակառակ այն իրողութեան որ իր իսլամամէտ արմատներ ունեցող կուսակցութիւնը անցեալ տարի կորսնցուց քաղաքապետական իշխանութիւնները մայրաքաղաք Անգարայի եւ երկրին ամենաբազմամարդ քաղաք Պոլսոյ մէջ, Էրտօկանի պաշտօնն ու դիրքը չեն վտանգուած մօտիկ ապագային: Նորելուկ Սուլթանի նման ան բազմած է 1,500 սենեակներէ բաղկացած նախագահական ապարանքին մէջ: Իրեն առընթեր միայն Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Փութինը երկու տասնամեակներէ ի վեր կ’իշխէ Ռուսիոյ մէջ:
Նախագահ Էրտօկան բազմաթիւ դիրքերու վրայ այսօր խոցելի է: ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւնները անհանգիստ վիճակի մէջ կը գտնուին եւ մօտակայ բարելաւումի նախանշաններ գոյութիւն չունին՝ նկատի ունենալով Նոյեմբերի նախագահական ընտրութիւնները Ամերիկայի մէջ: Եւրոպական Միութեան հետ Թուրքիոյ երկկողմանի յարաբերութիւնները եթէ թշնամական չեն, սակայն որոշակի բարեկամական ըլլալէ հեռու են: Արաբական երկիրներու հետ Անգարան ունի անկայուն յարաբերութիւններ ինչպէս Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները սէր-ատելութիւն գոյավիճակին մէջ կը գտնուին:
Հետեւաբար, ի՜նչ բարեպատեհ առիթ Քորոնա ժահրի շրջագիծէն ներս, Թուրքիան նպաստ հայթայթէ զանազան երկիրներու՝ աժան ակնկալութեամբ շիտակ գիծի վրայ դնելու իր արտաքին աշխարհի հետ վնասուած կապերը:
Քանի մը օրեր առաջ, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարը յոխորտանքով յայտարարեց թէ իր երկիրը բժշկական զգեստներ եւ դիմակներ առաքած է 61 երկիրներու եւ իբրեւ թէ աշխարհի երրորդ երկիրն է ամենէն շատ օժանդակութիւն առաքող: ԱՄՆի նախագահին ուղղուած նամակով մը թուրք նախագահը նշած է թէ նպաստը կը ղրկուի «Միասնականութեան ոգիով»: Ե. Միութեան ընծայուած օժանդակութեան առիթով Էրտօկան յոյս յայտնած է թէ այս արարքով աւելի սերտ համագործակցութիւն կ’ակնկալէ Պրիւքսէլէն: Կարգ մը երկիրներ սկսած են գանգատիլ թէ ղրկուած բժշկական զգեստները անորակ են:
Թէեւ անուանականօրէն Թուրքիան կը մնայ թեկնածու՝ Եւրոպական Միութեան շարքերուն, հաւանականութիւնները ցած են, նկատի ունենալով բազմահազար բանտարկեալներու հարցը Թուրքիոյ մէջ, ուր մարդկային տարրական իրաւունքները կ’ոտնակոխուին շարունակաբար եւ Պրիւքսէլ աններող՝ կը հետեւի:
Անշուշտ ծիծաղելի պիտի ըլլայ պահ մը ենթադրել թէ այս օժանդակութիւնը պիտի նպաստէ Թուրքիոյ վնասուած յարաբերութիւնները բարելաւելու արտաքին աշխարհին հետ:
Լոնտոնի Royal Institute of International Affairs կազմակերպութեան խորհրդական Ֆատի Հագուրա ակնարկելով այս նիւթին կը մատնանշէ արեւմուտքի հետ իր կապերը զօրացնելու միակ ելքը ջնջելն է S-400ի ծրագիրը:
Ուաշինկթընաբանակ թուրք քաղաքական մեկնաբան Կոնիւլ Թոլ կը գրէ. «Թէեւ կարգ մը երկիրներ ողջունած են այս օժանդակութիւնը, սակայն Անգարայի դժուարութիւնները ԱՄՆի, Եւրոպայի եւ հարեւան երկիրներու հետ չեն հարթուիր խորհրդանշական այս արարքով»:
ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ