Երեքշաբթի, 10. 03. 2026

spot_img

Գոյժ. Ոչ Եւս է Տիկին Վեհան Պետիրեան

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը խոր վիշտով կը գուժէ մահը իր նուիրեալ, բարեպաշտ, երկարամեայ վարչականուհիներէն Տիկին Վեհան Պետիրեանի, որ պատահեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ, Մայիս 14, 2020֊ին։

Սիրելի վարչականուհին նուիրուածութեամբ եւ անվերապահօրէն վարած է Համախմբումի ատենադպրութիւնը, օրինակելի գիտակցութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ, մօտ 30 տարիներ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ մեկնելէ առաջ Յուլիս 2015֊ին։

Ան անսահման հաւատք և խորունկ սէր ունէր հանդէպ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ անսասանութեան։

 Իր ամուսնոյն, գրագէտ և պատմաբան Լեւոն Վարդանին հետ ծառայած է հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ծաղկումին, Լիբանանի պայծառ եւ դժնդակ տարիներուն։

Երկար տարիներ, որպէս կրթական մշակ, հայեցի դաստիարակութեամբ ջամբած է հազարաւոր հայ սերունդներ։

Իր յիշատակը վառ պիտի մնայ Համախմբումի տարեգրութեան եւ հաւատացեալներու մօտ։

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումը իր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնէ զաւկին Վարուժան  Պետիրեանին և համայն Պետիրեան ու Մելիտոնեան ընտանիքներուն։

Յիշատակը անթառամ մնայ.

Խունկ և աղօթք իր շիրիմին։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին