Երեքշաբթի, 03. 02. 2026

spot_img

Հրանդ Տինքը Սպաննած Օկիւն Սամասթը 9 Ամիսէն Կրնայ Ազատ Արձակուիլ

Պոլսոյ մէջ 2007-ի Յունուար 19-ին «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ նախկին խմբագիր Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթը 9 ամիսէն կրնայ ազատութեան մէջ յայտնուիլ, այս մասին  կը յայտնէ Ermenihaber-ը:

Սամասթ Տինքի սպանութեան եւ ապօրինի զէնք կրելու ու օգտագործելու համար դատապարտուած էր 22 տարի 10 ամսուան ազատազրկման: Սակայն, յանցագործութեան կատարման պահուն եղած է անչափահաս, որուն պատճառով սահմանուած է 15 տարի 2 ամիս ազատազրկում:

Սամասթ բանտարկուած է արդէն 13 տարի ու 5 ամիս: Սակայն պայմանական վաղաժամկէտ ազատման իրաւունքով կը նախատեսուի, որ զայն ազատ կ’արձակեն 9 ամիսէն:

Հրանդ Տինք սպաննուած է 2007-ի Յունուար 19-ին` Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ գտնուող «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ` 16-ամեայ թուրք ազգայնական Օկիւն Սամասթի կրակոցէն:

 

 Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին