Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Զոհրապ Մնացականեան Եւ Սերգէյ Լաւրով Անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի Հարցի Գործընթացին

Ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, 14 Մայիսին, հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հետ։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն  յայտնեցին, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին երկկողմանի օրակարգին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային կառոյցներու՝ ԱՊՀ, ԵԱՏՄ եւ ՀԱՊԿ շրջանակներուն մէջ փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Զոհրապ Մնացականեան եւ Սերգէյ Լաւրով անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման գործընթացին: «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած հարցերու հասցէագրման պարունակին մէջ, արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան կարեւոր նկատեց հակամարտութեան բոլոր կողմերուն անվերապահ յանձնառութիւնը 21 Ապրիլին Մինսկի խումբի համանախագահներուն մասնակցութեամբ եւ միջնորդութեամբ ընդունուած հինգկողմանի յայտարարութեան դրոյթներուն:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին