Լիբանանի Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտարարեց, որ քորոնա ժահրի համավարակը Լիբանանի մէջ հակակշիռի տակ է եւ թէ այս ուղղութեամբ ժողով մը պիտի գումարուի Կիրակի օր վերջին չորս օրերու ամբողջական փակումի արդիւնքին գնահատանքը տալու համար:
Մենք կրցանք համավարակը հակակշռել շնորհիւ քաղաքացիներուն զգօնութեան, ըսաւ ան Պեքաաի մէջ իր ունեցած աշխատանքային այցին ընթացքին:
Նշենք, որ երէկ ամբողջական փակման երկրորդ օրն էր, որուն ընթացքին շարունակուեցան քննութիւններ կատարելու աշխատանքը:
Նշենք, որ երէկ 5 նոր վարակակիրներ արձանագրուեցան Լիբանանի տարածքին վարակումներու ընդհանուր թիւը հասցնելով 891-ի:






