Երէկ սկիզբ առաւ ամբողջական փակման առաջին օրը, որ պիտի տեւէ մինչեւ յառաջիկայ երկուշաբթի առաւօտ: Այս մէկը եկաւ, որպէս կառավարութեան խիստ փորձ սանձելու համար վարակաւորումի նոր ալիքը:
Եղան խախտումներ սակայն երկիրը ընդհանուր առմամբ անշարժացաւ: Վերջին օրերուն արտօնուած բոլոր գործառնութիւնները դադրեցան եւ փակ մնացին ճաշարանները, սրճարանները եւ այլ հաւաքավայրեր:
Դրամատուները, առեւտրական մեծ ու փոքր հաստատութիւնները նաեւ փակ մնացին:






