Երեքշաբթի, 03. 02. 2026

spot_img

«Թող Լռեն Բոլոր Այն Ձայները, Որոնք Կը Խանգարեն Մեր Ազգային Միասնութիւնը» Նախագահը Աղօթելու Կոչ Ըրաւ

Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ  Զօր. Միշէլ Աուն կոչ ըրաւ լիբանանցիներուն աղօթելու, եւ խնդրելու Աստուծմէ, որ փրկէ մարդկութիւնը «Քորոնա» համաճարակի սպառնալիքէն:

Նախագահ Աուն այս կոչը ըրաւ, արձագանգելով Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի եւ Շէյխ Ալ-Ազհարի   համաճարակին  համար  միացեալ աղօթք  կատարելու  կոչերուն։

Նախագահ Աուն նաեւ նշեց, որ «այս բանը ի սրտէ եւ խիղճէ բխած նախաձեռնութիւն է, որ հովանաւորուած է Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի եւ Շեյխ Ալ-Ազհարի կողմէ եւ կու գայ «Մարդու երկխօսութեան ակադեմիա»ն հիմնելու նպատակէն»:  

Ան նաեւ ըսաւ. «Թող  միախառնուին մինարէթներու հնչիւնները զանգերու ձայներուն հետ, եւ թող լռեն բոլոր այն ձայները, որոնք կը խանգարեն մեր ազգային միասնութիւնը»:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին