Շաբաթ, 14. 03. 2026

spot_img

Հայաստանի Մէջ 142 Նոր Վարակակիր «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներու Թիւը Հասաւ 3860-ի

Հայաստանի մէջ, 14 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 3860 դէպք, որոնցմէ 1572-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 2218 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 36 016 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 142 նոր դէպք եւ 72 առողջացած։

Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 49 (աւելցած է եւս 1-ով) դէպք:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդը եղած է 81 տարեկան տղամարդ։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին