Քորոնա ժահրին ստեղծած տագնապալի պայմաններուն եւ Լիբանանի ընկերատնտեսական դժուարութիւններուն դիմաց, Լիբանանահայութեան զօրակցելու նպատակով, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն Տէր եւ Տիկին Յարութիւն եւ Սիլվիա Սթամպուլի Ազգային առաջնորդարանին ճամբով լիբանանահայութեան կը նուիրեն 100,000,000 լ․ո․ (Հարիւր միլիոն լիբանանեան ոսկի):
Նշեալ գումարը պիտի բաշխուի հետեւեալ կարգով.
- Քորոնայի ճգնաժամային շտապին՝ 25,000,000 լ․ո․
- Լիբանանի օգնութեան խաչին՝ 25,000,000 լ․ո․
- Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան Լիբանանի մասնաճիւղին՝ 25,000,000 լ․ո․
- Ազգային առաջնորդարանին՝ 25,000,000 լ․ո․
Այս առիթով, Սրտագինս շնորհակալութիւն կը յայտնենք բարերար ամոլին, որ մեծապէս արժեւորելով լիբանանահայութեան ազգային դերակատարութիւնը, շարունակաբար իր կարեւոր նպաստը կը բերէ տնտեսական եւ ընկերային դժուարութիւններու յաղթահարման ճիգերուն։
Լիայոյս ենք, որ այս համահայկական բնոյթի զօրակցութեան քայլով, Տէր եւ Տիկին Յարութիւն եւ Սիլվիա Սթամպուլի օրինակը առիթ կը հանդիսանայ, որ ուրիշ հայորդիներ եւս աւելի մեծ թափով իրենց զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը ընծայեն մեր գաղութին։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը