Կիրակի, 07. 07. 2024

spot_img

ԳՈՅԺ . Ոչ Եւս է Երախտաւոր Ընկ. Յարութիւն Մկրտիչեան

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժէ հաւատաւոր, երէց ընկեր՝

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆի,

մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի,Մայիս 12-ին, Նիւ Եորքի մէջ։

Այս  տխուր  առիթով  Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը իր խորազգաց  ցաւակցութիւնները  կը յայտնէ  հանգուցեալ ընկերոջ հարազատներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն, ի մասնաւորի անոր եղբօրորդի՝ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ,  Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկ. Նորայր Մկրտիչեանին:

Յաւերժ լոյս ու խաղաղութիւն իր հոգիին:

 

Յարութիւն Մկրտիչեան

(1937 – 2020)

Հաւատաւոր ընկեր Յարութիւն Մկրտիչեան  տասնամեակներ շարունակ ունեցած է կուսակցական, միութենական եւ հասարակական բեղուն եւ նուիրեալ գործունէութիւն Լիբանանի եւ ԱՄՆ-ի մէջ։

Ան ծնած է Պէյրութ, 1937-ին, Պօղոս եւ Նազելի Մկրտիչեաններու ընտանիքէն ներս, ըլլալով կրտսերագոյնը՝ ընտանիքի հինգ զաւակներուն մէջ:

Նախակրթական ուսումը Պէյրութի մէջ ստանալէ ետք, յաճախած եւ աւարտած է Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը, 1956-ին: Մասնագիտութեամբ եղած է դեղագործի օգնական:

Մկրտիչեան ՌԱԿի շարքերուն անդամագրուած է 1958-ին, Պէյրութի մէջ:

Ան միաժամանակ անդամակցած է Հ.Բ.Ը.Միութեան եւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է Հ.Ե.Ը.ի Անդրանիկ-Սեւան  սկաուտական շարժումին եւ ֆութպոլի խումբին:

1968-ին ընտանեկան բոյն կազմած է Մարիամ Սարգիսեանի հետ եւ  բախտաւորուած զոյգ զաւակներով՝ Կարինէ եւ Կարէն:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով ընտանիոք 1983-ին փոխադրուած է Ամերիկա եւ բնակութիւն հաստատած Նիւ Եորքի Քուինզ քաղաքը:

Ամերիկայի մէջ ան շարունակած է ծառայել Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզիի Արմենակ-Յովսէփեան ակումբէն ներս, զբաղեցնելով պատասխանատու պաշտօններ: Ան նաեւ գործօն անդամ էր տեղւոյն Թէքէեան Մշակութային Միութեան:

Անոր դուստրը՝ Կարինէն, ԱՄՆի մէջ կ’ամուսնանայ Ռիչըրտ Ուորթիի հետ եւ իր ծնողներուն կը պարգեւէ թոռնուհի մը՝ Ամանտա, այժմ՝ 16 տարեկան :

Ընկեր Մկրտիչեան թուականէս երկու տարի առաջ կորսնցուցած էր իր կողակիցը:

Գաղափարի հաւատաւոր զինուորագրեալ հանգուցեալ ընկերոջ յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ զինք ճանչնալու եւ իր մտերմութիւնը վայելելու բախտաւորութիւնը ունեցողներուն յիշողութեան մէջ։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին