ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան ֆէյսպուքեան իր էջին միջոցով յայտնած է, որ Մայիս 13-ին` ժամը 14:00-ին, ատրպէյճանական մարտական յենակէտերէն խոշոր տրամաչափի զէնքերէ կրակած են Տաւուշի մարզի Բերքաբեր գիւղի ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով վնասուած են բնակելի տուներ:
«Հակառակորդին կրակէտերու ուղղութեամբ հայ դիրքապահներու ձեռնարկած համապատասխան գործողութիւններու արդիւնքով հակառակորդին լռեցուցած են:
Տուժածներ չկան»,- գրած է Ստեփանեան:






